Աւելի Քան 1000 Մարդ Արցախէն Մեկնած է Երեւան` Մասնակցելու ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հրաւիրած Հանրահաւաքին

Հայաստան

Այսօր` Օգոստոս 17-ին, աւելի քան 1000 մարդ Արցախէն մեկնած է Երեւան` մասնակցելու ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքին:

 Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ըսած է «Յանուն Արցախի» երիտասարդական, հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գոռ Բալասանեանը` մանրամասնելով, որ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի իրենց կազմակերպութեան, որուն աջակցած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական թեւը:

 «Հանրահաւաքին կը մասնակցին երիտասարդներ Արցախի տարբեր շրջաններէն: Մեր նպատակն է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապը պահպանելն ու ամրապնդելը»,- նշած է Բալասանեան:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր` Օգոստոս 17-ին` ժամը 18:30-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք հրաւիրած է` ներկայացնելու իր 100-օրեայ պաշտօնավարման արդիւնքները:

Leave a Reply