Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութիւնը Ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցը
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ գրառում հրապարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին վերաբերեալ:
«Յիշատակի այս օրը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը լիովին կը կիսէ հայ ժողովուրդի ցաւն ու տոկունութիւնը: Պահպանել յիշողութիւնը, կը նշանակէ յարգել զոհերուն յիշատակը»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ գրուած է հրապարակման մէջ:
