Ֆրանսան Աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Ուղերձ Կը Յղէ. Մուրատ Փափազեան
Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ամրագրելով` Ֆրանսան կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, «C News» հեռատեսիլի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Նախեւառաջ, մենք կ՛ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Ֆրանսային եւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ իսկապէս կարեւոր քայլ կատարեց` Ապրիլ 24-ը հանրապետութեան օրացոյցին մէջ ամրագրելով որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր: Միեւնոյն ժամանակ սա ուղերձ է` յղուած ամբողջ աշխարհին առ այն, որ Ֆրանսան կը հաստատէ անհրաժեշտութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուի, յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ, որ կը հերքէ զայն արդէն 104 տարիէ, եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, որ կը բաւարարուի կատարելապէս անհեթեթ ժխտողականութեամբ»,- ըսած է Փափազեան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ապրիլ 11-ին ստորագրած է Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին հրամանագիրը: Հրամանագրին մէջ կը նշուի, որ իւրաքանչիւր տարի Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի մէջ պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օրը, իւրաքանչիւր տարի այդ օրը Փարիզի եւայլ քաղաքներուն մէջ տեղի պիտի ունենան յիշատակման ձեռնարկներ։
Ֆրանսայի վարչապետ Էդուար Ֆիլիփ Ապրիլ 24-ին Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան, որը տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի յուշարձանին մօտ` տեղի ժամանակով 18:45-ին:
