Վարչապետը Ծանօթացաւ Բանակի Նորագոյն Զինատեսակներուն

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելեց «Բաղրամեան» զօրավարժարանը:

Այնտեղ վարչապետին ներկայացուեցան Զինուած ուժերուն ձեռք ձգած նորագոյն զինատեսակները: Նիկոլ Փաշինեան դիտակէտէն հետեւեցաւ նաեւ զինատեսակներու ցուցադրական փորձերուն: