Հայաստանի Ղեկավարները Խիստ Կեցուածք Կ՝ընդունին Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի Դէմ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան     

Կը թուէր, թէ այս շաբաթ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան  ամենանշանակալից զարգացումը պիտի ըլլար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած առաջին բանակցային հանդիպումը Արցախեան հակամարտութեան շուրջ: Սակայն, քանի որ այս բանակցութիւններուն մէջ բէկում չգրանցուեցաւ, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք այլ կարեւոր հարցերու վրայ:

2019 Մարտ 28-ին, ելոյթ ունենալով Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան արձագանգի բացակայութիւնը անցեալ տարուան ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, որ կնքած են «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով:

Մէկ տարուան ընթացքին՝ Փաշինեանը առաջին անգամ է, որ նման կոշտ լեզուով կը խօսի Միացեալ Նահանգները յիշատակելու ժամանակ։ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շատոնց հանդէս կու գայ իբրեւ ժողովրդավարութեան ամենաջերմեռանդ պաշտպան ամբողջ աշխարհի մէջ»,  յայտարարեց Փաշինեան։ «Կ՝ուզեմ Ձեզ եւ բոլորիս հարց տալ. իսկ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՞ս արձագանգեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն, որոնք …. էութեամբ ու բովանդակութեամբ ժողովրդավարական փոփոխութիւններ էին ու որեւէ մէկը չի կրնար կասկածիլ ատոր: Ես, օրինակ, ԱՄՆ ներկայացուցիչներուն ալ ըսած եմ՝ կը կարծեմ, որ իրենք գործնականի մէջ զերօ արձագանգ տուած են, ինչու՞»:

Այնուհետեւ, Փաշինեան շարունակեց պաշտպանել Հայաստանի անկախ քաղաքական գիծը՝ անտեսելով հզօր պետութիւններու կողմէ Երեւանի վրայ գործադրուած ճնշումները: «Երբ մենք կ՝ըսենք, որ մեզի համար կարեւորը մեր երկրի ինքնիշխանութիւնն է՝ մենք նկատի չունինք, որ կախուածութիւնը Ա կէտէն (Ռուսիա) պէտք է փոխարինենք Բ կէտի (Միացեալ Նահանգներ) կախուածութեամբ: Մենք ինքնիշխանութեան շատ լուրջ կը վերաբերինք եւ ես կ՝ուզեմ հաւաստիացնել…. որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մեր երկրի ու ժողովուրդի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցով բոլոր ուղղութիւններով»:

Նախագահ Թրամփի վարչակազմը՝ մինչ օրս՝ միայն խօսքերով աջակցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դրամատիկ եւ խաղաղ փոփոխութիւններուն: Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Թրամփ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Փաշինեանին՝ բարձր գնահատելով «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնելու նոր կառավարութեան՝ իրականացնելու լայնածաւալ բարեփոխումներ: Նմանապէս, պետական քարտուղար Մայք Պոմպէոն ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «ուշագրաւ փոփոխութիւնները»: Սակայն այդ գեղեցիկ խօսքերը մնացած են թուղթի վրայ: Հայաստանին օգնելու համար որեւէ յստակ քայլ չէ ձեռնարկուած: Ատիկա մասամբ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Թրամփի վարչակազմը անհոգ է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ ժողովրդավարական զարգացումներուն մասին, ինչպէս նաեւ Թրամփի՝ իր սեփական եսի ու անձնական շահերու վրայ կեդրոնացած ըլլալուն պատճառով…

Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը շատ դրական զարգացում է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար եւ կտրուկ շրջադարձ Հայաստանի նախորդ ղեկավարներու դիրքորոշումէն: Առայժմ Հայաստանի վրայ ճնշումներուն մեծ մասը կուգար Ռուսիայէն: Ասիկա անխուսափելի փաստ է`հաշուի առնելով Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական կախուածութիւնը Ռուսիայէն: Նոր զարգացումը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները այլեւս չեն ուզեր կուրօրէն ենթարկուիլ Ռուսիոյ ցանկութիւններուն եւ հրամաններուն՝ ոտնահարելով երկրի ինքնիշխանութիւնը: Երբ Հայաստանի շահերը հարցականի տակ էին՝ Փաշինեանը չխուսափեցաւ ո՛չ Եւրոմիութիւնը քննադատելէն, ո՛չ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատումէն՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած քննարկումներուն ժամանակ:

Եթէ Միացեալ Նահանգները կ՝ուզէ սիրաշահիլ Հայաստանը, ուստի պէտք է «բլիթ» առաջարկէ՝ «մտրակ»ի փոխարէն: Ինչպէս կ՝ըսեն՝ «կրնաս աւելի շատ ճանճ բռնել մեղրով, քան՝ քացախով»…

Անցեալ շաբթուան երկրորդ ապշեցուցիչ նորութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութիւնն էր Միացեալ Նահանգներ կատարած անոր այցին ընթացքին: «Իբրեւ պաշտպանութեան նախարար կ՝ըսեմ՝ «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը ես այսօր վերաձեւակերպած եմ՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», յայտարարեց  Տօնոյեանը Նիւ Եորքի հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ: «Մենք խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանական վիճակէն պիտի  ձերբազատուինք եւ պիտի աւելցնենք այն ստորաբաժանումներուն քանակը, որոնք կրնան ռազմական գործողութիւնները տեղափոխել հակառակորդի տարածք», յայտարարեց Տօնոյեան: «Ոչ մէկ բան պիտի զիջուի»:

Թէեւ ոմանք կրնան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսքերը մեկնաբանել իբրեւ ռազմատենչ, սակայն իրականութեան մէջ Տօնոյեան նոյն կերպ կ՝արձագանգէ Ալիեւի տարիներ շարունակ հնչող հազարաւոր սպառնալիքներուն՝ Մեղրին եւ նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը գրաւելու մասին: Ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարները խօսին ուժի դիրքերէն, ոչ թէ՝ տկարութեան:

Ակնյայտ է, որ Ալիեւը պատրաստ չէ պատերազմի, հակառակ պարագային, ան արդէն յարձակած պիտի ըլլար: Պէտք չէ լուրջ ընդունիլ անոր սպառնալիքները: Անհրաժեշտ է լռեցնել զինք՝ հակադարձ սպառնալիքներու միջոցով, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ նախայարձակումներու…

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յստակ ուղերձներ կը յղէ Ատրպէյճանի նախագահին, որպէսզի յիմար նախաձեռնութեան չտրուի: Հակառակ պարագային, անոր խողովակաշարերը եւ քարիւղի հորերը յարձակման պիտի ենթարկուին՝ կործանելով երկրի տնտեսութիւնը եւ տապալելով անոր վարչակարգը: Նշանակալից է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նման հզօր ուղերձ կը յղէ Ատրպէյճանին՝ գտնուելով Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը