«Եկած եմ Գլուխ Խոնարհելու Ձեր Առջեւ Եւ Ըսելու, Որ Հպարտ Եմ Ձեզմով». Արմեն Սարգսեան Բակօ Սահակեանի Հետ Այցելած է Թալիշ

Հայաստան

Նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ Ապրիլ 1-ին այցելած է Թալիշ, ծաղկեպսակ դրած գիւղի յուշահամալիրին մօտ, հանդիպում ունեցած ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` քննարկուած են պետականաշինութեան, բանակաշինութեան, Թալիշի վերականգնման առնչուող հարցեր:

«Թալիշը հազարամեականերու հայկական հող է, ան ողջ հայ ժողովուրդինն է», ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան`  ընդգծելով, որ  Թալիշը հայկականութեան իսկական խորհրդանիշ է, որովհետեւ ան պատմականօրեն կապուած է հայ ժողովուրդի, անոր մշակոյթին ու ոգիին հետ:

«Հպարտ եմ, որ  այսօր ես կանգնած եմ երիտասարդ, հզօր մարտիկներու կողքին, որոնք ապացուցած են աշխարհին, որ իրենք տարածաշրջանի լաւագոյն բանակի զինուորներն են: Հպարտ եմ նաեւ, որ այդ զինուորները յաղթանակած բանակի հայրենեաց պաշտպաններն են. Ես անոնց կը մաղթեմ բարի ծառայութիւն: Թալիշի մէջ կարծես կը զգամ համայն հայութեան ներկայութիւնը»,-մասնաւորապէս ըսած է նախագահ Սարգսեան: