
Մոմավառութիւն Եւ Երթ՝ Ի յիշատակ Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուածներուն
«Խարոյկ» արշաւի ակումբին նախաձեռնութեամբ՝ բազմաթիւ երիտասարդներ, մտաւորականներ, քառօրեայ պատերազմին մասնակցած տղաներ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մոմավառութիւն կազմակերպեցին ու երթով քալեցին մինչեւ Եռաբլուր՝ ի յիշատակ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներուն: