«Նոր Պատերազմ՝ Նոր Տարածքներ». Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստան

Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, թէ ինք կը փոխէ «Տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը:

«Ես՝ իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, կ՛ըսեմ՝ «Տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը վերաձեւակերպած եմ, մենք հակառակը պիտի ընենք՝ «Նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու դիմաց» ձեւաչափով գործելով», ըսաւ ան:

«Մենք այդ խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանական կացութեան մէջ ըլլալէ պիտի ձերբազատինք: Պիտի աւելցնենք թիւը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք ռազմական գործողութիւնները կրնան տեղափոխել հակառակորդի տարածք», նշեց Տօնոյեան:

Նախարարը հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ամերիկահայերուն ներկայացուց  նաեւ բանակին մէջ տիրող իրավիճակը՝ հաստատելով, որ բանակին մէջ մահացութեան աստիճանը պէտք  է անպայման նուազեցնել, թէեւ անկարելի է բոլորովին վերացնել զայն: «Անխուսափելի է՝ զէնքով են, երիտասարդ են», յայտնեց ան:

Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց, որ պէտք է պայքարիլ ոճրային բարքերու դէմ, որոնց դրսեւորումներէն մէկը բացայայտուած է Մեղրիի զօրամասերէն մէկուն մէջ. «Զօրամասին մէջ այնքան լկտիացած էին, որ կանեփ կ՛աճեցնէին», ըսաւ ան: