ԼՂ Հակամարտութիւնը Այդ Տարածքին Վրայ Ապրող Մարդոց Ֆիզիքական Գոյութեան Հարց է. Իտալացի Պատգամաւորի Ելոյթը Սումգայիթի Մէջ Հայկական Ջարդերուն Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

Իտալիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի պատգամաւոր, հայ-իտալական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու պատասխանատու, իշխող Լեկա կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ճուլիօ Չենդեմերոն Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցած է Սումգայիթի մէջ հայկական ջարդերուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armnepress.am-ը։

«Կ’ուզէի ելոյթ ունենալ այս դահլիճին մէջ եւ յիշատակել նորագոյն պատմութեան հաւանաբար ամենաողբերգական, բայց քիչ ճանչցուած էջերէն մէկը՝ ատրպէյճանական Սումգայիթ քաղաքին մէջ, 31 տարի առաջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերը։ 1988 Փետրուարին, ինքնորոշման իրաւունքի իրացման նպատակով, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի խաղաղ ցոյցերուն ի պատասխան՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կազմակերպեցին Ատրպէյճանի Պաքու, Սումգայիթ եւ Կիրովաբադ քաղաքներու հայ բնակչութեան դէմ բռնի ճնշումներ։ Ամէնը սկսաւ Սումգայիթէն, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւններու բացայայտ աջակցութեան եւ թոյլտւութեան իբրեւ արդիւնք՝ երեք օրուան մէջ՝ բազմաթիւ հայեր սպաննուեցան մէկ պատճառով՝ իրենց կրօնական պատկանելիութեան։ Հարիւր հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան լքել իրենց տուները, իրենց քաղաքները։ Այդ օրերուն ոտնահարուեցաւ մարդու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը՝ կեանքի իրաւունքը»,-ըսած է իտալացի պատգամաւորը:

Ան ընդգծած է, որ Սումգայիթի կոտորածէն ետք՝ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է բանաձեւ, որ տեղի ունեցածը կը բնորոշէ ժողովուրդի սպանութիւն իբրեւ այդպիսին։ Ան կարեւոր համարած է ընդգծել, որ ԼՂ հակամարտութիւնը ոչ թէ տարածքային պահանջ է, այլ՝ այդ տարածքին վրայ ապրող մարդոց ֆիզիքական գոյութեան հարց:

«Ցաւօք, անգամ 30 տարի անց, դեռ ականատես ենք հակահայկական շարունակուող հռետորաբանութեան եւ ատելութեան իրական քարոզչութեան։ Այս ամէնը դրսեւորուած է նաեւ 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անմեղ էակներու՝ երեխաներու դէմ հրետանիի կիրառումով եւ ծերերու դաժան սպանութեամբ։ Ուստի, անհրաժեշտ է վերջ դնել ատելութեան հռետորաբանութեան եւ սկսիլ կրթել ժողովուրդները խաղաղութեան, մարդ արարածի յարգանքին եւ կրօնի ազատութեան։ Եւ ուրեմն, չափազանց կարեւոր է, որ մեր երկիրը, որ նախագահած է 2018-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ եւ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ երկիր, շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման բանակցութիւններու ծիրէն ներս աջակցիլ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումով զբաղելու միջազգային լիակատար իրաւագիր ունեցող միակ ձեւաչափի՝ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքին»,- եզրափակած է Ճուլիօ Չենդեմերոն: