Հայկական Օրգանական Թէյը Արդէն Կը Վաճառուի Գերմանիոյ Մէջ

Հայաստան

“Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ» դրամատան եւ Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան (NABU) կողմէ համատեղ իրականացուող «Օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման» ծրագիրով՝ 2018-ին Գերմանիա արտածուած հայկական «Սարի Թէյ» ընկերութեան բուսական թէյերը արդէն վաճառքի դրուած են գերմանական TeeGschwendner ընկերութեան  առցանց հարթակով եւ խանութներու ցանցով:

Այս տարի, BIOFACH միջազգային օրգանական սնունդ արտադրողներու ցուցահանդէսին ատեն ընթացած բանակցութիւններուն շնորհիւ, նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ արտածումը շարունակելու եւ արտածուող արտադրանքի ծաւալները մեծցնելու ուղղութեամբ: