Ալեքսիս Օհանեան եւ Acer-ի Հիմնադիրը Պիտի Մասնակցին Երեւանի Մէջ Կայանալիք ՏԱ Համաշխարհային Համաժողովին

Աշխարհ, Հայաստան

Reddit կայքի հայ հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան եւ Acer-ի հիմնադիր Սթեն Շին հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը Հոկտեմբեր 6-էն 9 Երեւանի մէջ կայանալիք «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (ՏԱ) համաշխարհային համաժողով»-ին:

Այս  մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը:

2019 համաժողովի խորագիրն է «Ապակեդրոնացման ուժը»:

«Մենք պիտի քննարկենք ՏԱ ոլորտի զարգացման ապագայ հինգ տարիներու տեսլականը: Խելացի քաղաքի լուծումներ տարբեր երկիրներու օրինակով, համացանցի անվտանգութիւն, եւ այն բոլոր ՏԱ ուղղութիւնները, որոնք այսօր աժմէական են: Քննարկումներու շրջանակը լայն պիտի ըլլայ, եւ պիտի մասնակցին ոլորտի ամենայայտնի մասնագէտներ»,- նշած է համաժողովի նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան:

Համաժողովին մասնակցութեան բանաւոր համաձայնութիւններ տուած են Amazon-ի, Google-ի, Facebook-ի ղեկավարները:

Համաժողովը տեղի կ՛ունենայ 1978 թուականէն ի վեր` երկու տարին մէկ անգամ: