Ղարաբաղեան Կարգաւորումը Ո՛չ Թէ Մէկ Այլ Քանի Մը Պայմանագրի Ստորագրում կը Նախատեսէ. Ուորլիք

Աշխարհ, Հայաստան

Ղարաբաղեան կարգաւորումը ո՛չ թէ մէկ, այլ քանի մը պայմանագրի ստորագրում կը նախատեսէ: Ըստ News.am-ի՝ այս մասին «Ամերիկայի ձայն»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, նշած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախկին ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:

-Խօսինք «Լաւրովի ծրագիր»ին մասին, որ, համաձայն որոշ փորձագէտներու, այժմ սեղանի վրայ է: Որո՞նք են այդ ծրագրի կէտերը եւ ընդհանրապէս անիկա ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ:

Ես կը նախընտրէի չօգտագործել «Լաւրովի ծրագիր» անուանումը, քանի որ այն ժամանակ, երբ համանախագահը ես էի, մենք կ՝աշխատէինք արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հետ եւ կը քննարկէինք ատոր բաղադրիչ մասերը մշակման ընթացքին: Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով կը հասկանայ այս հակամարտութիւնը: Մենք չենք խօսիր պարզապէս այն գաղափարներուն մասին, որոնք նախապէս առաջարկուած էին իբրեւ այսպէս կոչուած հիմնարար սկզբունքներ, հակառակ անոր, որ անոնք կը շարունակեն մնալ ցանկացած կարգաւորման բաղադրիչները:

Խօսքը այն մասին է, որ մենք մշակած ենք, գոնէ երբ ես էի համանախագահը, շարք մը բաղադրիչներ, պայմանագրեր – յոգնակի տեսքով, որոնք պէտք է կնքուէին ներգրաւուած կողմերուն միջեւ: Խօսքը պարզապէս սեղանի շուրջը նստելու եւ մէկ փաստաթուղթ ստորագրելու մասին չէ, այլ՝ համապարփակ մօտեցման մասին, որ կը նախատեսէր բոլոր կողմերուն շահերը:

Յոյս ունիմ, ասիկա կրնայ ըլլալ բանակցային սեղանին վրայ, երբ Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը հանդիպին: Անոնք պիտի չի կարգաւորեն բոլոր հարցերը մէկ հանդիպման ընթացքին, սակայն, այդ է ուղղութիւնը, որմով անհրաժեշտ է շարժիլ:

Պէտք է ըսեմ, որ այս խնդիրը կը շարունակէ մնալ հարց մը, ուր Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան կը շարունակեն սերտօրէն միասին աշխատիլ՝ յանուն խաղաղութեան ընդհանուր շահի: Նոյնիսկ այսօր ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ շատ թունաւոր յարաբերութիւններու պայմաններուն, որոնք կ՝ազդեն յարաբերութիւններու բազմաթիւ ոլորտներուն վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով մենք կը շարունակենք աշխատիլ սերտօրէն եւ արդիւնաւէտ:

Ու թէեւ ես այլեւս համանախագահութեան գործընթացի մասնակից չեմ, նոյնիսկ իբրեւ կողմնակի դիտորդ կարելի է տեսնել, որ ասիկա ոլորտ մըն է, ուր մենք ընդհանուր նպատակներ ունինք: Ուստի, յոյս ունիմ, որ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը պիտի շարունակէ աշխոյժ դեր խաղալ, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը: Յոյս ունիմ, որ մենք պիտի շարունակենք ջանքերը եւ բեկում արձանագրենք:

Տեսէք, այս հակամարտութիւնը չափէն աւելի երկար կը շարունակուի: Անիկա պիտի չի դառնայ աւելի թեթեւ եւ խաղաղութեան համար այսօրունէ աւելի լաւ ժամանակ պիտի չըլլայ: Ինչո՞ւ առաջ չշարժիլ հիմա: Երկու տարի անց, կամ երեք, հինգ, տասը տարի անց անիկա միայն աւելի պիտի բարդանայ եւ բախման վտանգը աւելնայ:

Այժմ մենք ունինք սահմանագիծի վրայ համեմատաբար հանդարտ շրջան մը, երկիրներու առաջնորդները կարծես թէ պատրաստ են առաջ շարժելու այս գործընթացին մէջ: Ե՞րբ պիտի ըլլայ աւելի լաւ ժամանակ: Այժմ իրական ժամանակն է ատոր համար: Իրականութեան մէջ, նոյնինքն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները պէտք է սեփական առաջնորդներուն ստիպեն այս գործընթացը կարգաւորելու: Արդեօ՞ք դուք կ՝ուզէք, որ հայերու եւս մէկ սերունդ ապրի այս ամպի տակ: Անշուշտ՝ ոչ:

Նոյնն ալ Ատրպէյճանի մէջ. Արդեօ՞ք դուք կը կարծէք, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը կ՝ուզէ այս խնդիրը փոխանցել եւս մէկ սերունդի: Անշուշտ՝ ոչ: Այս շարունակուող մահուան դէպքերը սահմանագիծի վրայ, շարունակուող հակամարտութեան տնտեսական հետեւանքները: Իմ կոչը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ պարզապէս առաջնորդներուն, այլ՝ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն. Այժմ ժամանակն է կարգաւորելու այս հարցը եւ կարգաւորման ուրուագիծերը յայտնի են եւ սեղանի վրայ են: Անոնք կրնան քննարկուիլ եւ առաջ քաշուիլ»: