Կը Դատապարտենք ՀՀ Քաղաքացիի Նկատմամբ Ատրպէյճանի Մէջ Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքի Ակնյայտ Խախտումով Կայացուած Դատավճիռը. Աննա Նաղդալեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը կը դատապարտէ ատրպէյճանական դատարանի՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ակնյայտ խախտումով կայացուած ՀՀ քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի գործով դատավճիռը, որուն իրական հեղինակը Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնն է: Այս մասին ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի մեկնաբանութեան մէջ:

«Ցաւօք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, չբաւարարուելով անյայտ հանգամանքներու մէջ Ատրպէյճանի տարածք յայտնուած Կարէն Ղազարեանի նկատմամբ սխալ յիշեցնող դատական գործընթացի նախաձեռնութեամբ, աւելի հեռուն գացին եւ ակնյայտ առողջական խնդիրներ ունեցող մեր քաղաքացիի գործը «արագացուած կարգով» քննելով՝ կայացուցին 20 տարուան ազատազրկման դատավճիռը: Ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ պետական մակարդակով Կարէն Ղազարեանի պատանդառութեան իրական նպատակը, սակայն այդ ջանքերը չեն կրնար յաջողութեան հասնիլ։ Թէ՛ ՀՀ-ի եւ թէ՛ Արցախի համար գերակայութիւն են հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրող մարդոց իրաւունքները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը: Աւելին, Արցախի իշխանութիւններուն վերջերս ընդունած որոշումը` ազատ արձակելու համաչափ պատիժը կրած ատրպէյճանական զինծառայողը, լաւագոյնս կը վկայէ իրաւունքի գերակայութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հանդէպ հայկական կողմին հաւատարմութեան մասին։ Սակայն, ազգային ատելութեան հողի վրայ կատարուած անչափահասի սպանութիւնը կը գտնուի այլ իրաւական, ինչպէս նաեւ բարոյական հարթութեան վրայ, առաւել եւս, երբ մեր յիշողութեան մէջ վառ է նմանօրինակ յանցագործութիւններու եւ անոնց իրականացնողներու համապետական հերոսացումը: 15 տարի առաջ, նոյն դրդապատճառներով սպանութեան համար հերոսացուած մարդասպանի անպատժելիութիւնը ամենօրեայ յիշեցում է, որ ո՛չ մեր տարածաշրջանին եւ ո՛չ ալ միջազգային հանրութեան պէտք են նմանօրինակ նոր «հերոսներ»»,- ըսուած է Աննա Նաղդալեանի մեկնաբանութեան մէջ:

Ան նշած է, որ Հայաստանը հետեւողական ջանքեր պիտի գործադրէ իր քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազատարձակման ուղղութեամբ: