ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութեամբ Արցախ Մեկնած է

Հայաստան

Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու  փոխադարձ գործակցութեան ծիրէն ներս, Օգոստոս 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը, Արցախի պաշտպանութեան նախարարին ընկերակցութեամբ, եղած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ներկայ գտնուած բանակային ուսումնական տարուան 2-րդ կիսամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով անձնակազմին գերազանց ծառայութեան եւ նախորդ կիսամեակին ցուցաբերած բարձր ցուցանիշներուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը  մատնանշած է այն խնդիրներու համալիրը, որուն վրայ  պէտք է յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել արդէն սկսած նոր ուսումնաշրջանին` շեշտը դնելով գիտելիքներու եւ հմտութիւններու կատարելագործման ուղղուած հոլովոյթներուն վրայ:

Ուսումնական նոր փուլի սկզբնաւորութեան նուիրուած ձեռնարկը  եզրափակուած է զինուորական անձնակազմի հանդիսաւոր երթով:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան,  Արցախի իր պաշտօնակիցին ընկերակցութեամբ այցելած է նաեւ պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան առաջնագիծ, հետաքրքրուած մարտավարական իրադրութեամբ, խրախուսած մարտական խնդիրներու կատարման գործին մէջ ուշադրութիւն գրաւած շարք մը զինուորներ:

Դաւիթ Տօնոյեան ծանօթացած է նաեւ «Հայ վիրաւոր հերոսներ» հիմնադրամին կողմէ առաջնագիծին իրականացուող ծրագիրներուն` քննարկած անոնց արդիւնաւէտութեան հետագայ բարձրացման ուղղուած հարցեր` անգամ մը եւս բարձր գնահատելով այն մեծ աջակցութիւնը, որ կը ցուցաբերէ հիմնադրամը` յառաջապահ ստորաբաժանումներուն տրամադրելով առաջին բուժօգնութեան անհատական եւ յատուկ մասնագիտական լրացուցիչ կազմեր:

Ծրագիրին նախաձեռնողները վստահեցուցած են, որ յառաջիկային եւս հիմնադրամը պիտի շարունակէ ըլլալ զինուած ուժերու կողքին եւ իր գործուն աջակցութեամբ նպաստէ բանակին առջեւ դրուած խնդիրները  աւելի արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու գործին:

 

Leave a Reply