
Ատրպատականի Հայոց Թեմին Վերաբերող Նկարչական Ցուցահանդէս Գերմանիոյ Մէջ
Գերմանացի գեղանկարիչ Մարկոս Էնտլեր, որ անցեալ տարի 5-12 Հոկտեմբերին այցելած էր Ատրպատականի Հայոց Թեմ եւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ ու Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու Միութեան կազմակերպութեամբ 10 Հոկտեմբերին Թաւրիզի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ցուցադրած էր իր ուղեւորութեան ընթացքին գծած գեղանկարները, օրերս նոյն աշխատանքները երկու յաջորդական ցուցահանդէսներով ներկայացուց Գերմանիոյ մէջ՝ «Պատուհան Արեւելեան Մշակութային Տեսարանին Վրայ» ընդհանուր խորագիրով:
Գեղանկարները Գերմանիոյ հիւսիսը գտնուող Պարթ քաղաքի Սուրբգրային կեդրոնին մէջ (Bibel-zentrum) ցուցադրուելէ ետք (29 Յունուար-28 Փետրուար), պիտի փոխադրուին Շթրալզունտ քաղաք, ուր Ժողովրդական լսարանին մէջ պիտի ցուցադրուին 12 Մարտէն մինչեւ 30 Ապրիլ 2019: