Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հրաժարական Տուած է

Աշխարհ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ջաւատ Զարիֆ հրաժարական տուած է:

Այս մասին ան գրած է «Instagram»-ի իր էջին մէջ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իրանի մեծահոգի եւ համարձակ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն վերջին 67 ամսուան համար: Ես անկեղծ ներողութիւն կը խնդրեմ ծառայութիւնը շարունակել չկարենալու եւ աշխատանքի ընթացքին եղած բոլոր թերութիւններուն համար: Եղէք երջանիկ»,-գրած է Զարիֆ:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վաեզին հերքած է շրջանառուող լուրերը այն մասին, թէ նախագահ Ռոհանի ստորագրած է ԱԳՆ ղեկավար Մոհամմադ Ջաւատ Զարիֆի հրաժարականը։

«Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Զարիֆի հրաժարականի ընդունման մասին շրջանառուող լուրերը կտրականապէս կը հերքեմ»,- «Twitter»-ի իր էջին մէջ գրած է Վաեզի: