Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութիւնը Պիտի Նշէ Իր Հիմնադրման 25-ամեակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը 7 Ապրիլին կազմակերպած է իր հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ մը:

Տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բազմաթիւ յայտնի գործիչներ: Տօնական միջոցառումը պիտի սկսի Կիրակի, 7 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 4-ին՝ ընդունելութեամբ, ապա պիտի շարունակուի պաշտօնական, մշակութային ծրագիրով եւ ճաշկերոյթով, ժամը 5-ին:

Յոբելենական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Կլենտէյլ Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ: Կալա-ճաշկերոյթին ընթացքին պատիւի պիտի արժանանան Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բարեկամներու հիմնադիր խումբին եւ «Հայաստանի տուն» կազմակերպութեան հոգաբարձուների ու տնօրէններու խորհուրդի անդամներ:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակազմը եւ 25ամեակի կազմակերպական կոմիտէն յառաջիկային  հանդէս պիտի գան  յոբելենական ձեռնարկին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկատուութիւններով: