Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Արձակուեցաւ․ Վերաքննիչ Դատարանը Բաւարարեց Պաշտպաններու Բողոքը

Հայաստան

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ բաւարարուեցաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը։  Լրագրողներուն այս մասին յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Ռոպերթ Սահակեանը:

«Վերաքննիչ դատարանը կը վերացնէ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու որոշումը` հաշուի առնելով այն, որ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելի է»,- ըսաւ Սահակեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու համար ստորագրահաւաք իրականացուցած էին Ազգային ժողովի պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած էր 45 պատգամաւոր,սակայն Գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած էր անոր խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պատգամաւորներու ստորագրութիւններով երաշխաւորագիրը:

Վերաքննիչ քրէական դատարանը Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պաշտպաններու բողոքը քննեց երկու օր, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, որ դատարանի վճիռը պիտի հրապարակուի Օգոստոս 13-ին, ժամը 16:00-ին:

2008 թուականի Մարտ 1-էն 2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ քրէական գործով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ անոնք այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, Եուրի Խաչատուրովը 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորուած է: Վերջինիս պաշտպանները բողոքարկած էին կալանաւորման որոշումը:

Leave a Reply