
Պաքու Բողոք Կը Ներկայացնէ Արցախը Անջատ Հանրապետութիւն Նկատած «Maps.Me» Կայքին
Ատրպէյճան, 15 Փետրուարին, բողոքագիր մը յղած է քարտէսներու նուիրուած համացանցային «Maps.Me» կայքի տնօրէնութեան, որովհետեւ անոր ծրագիրներուն մէջ Արցախը ներկայացուած է իբրեւ առանձին հանրապետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Az.baku.ws» կայքը։
Պաքու բողոքագիրին մէջ կը պնդէ, թէ քարտէսին մէջ Արցախը իբրեւ անջատ հանրապետութիւն ներկայացնելով՝ ընկերութիւնը կը «խախտէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», պահանջելով, որ այս «սխալը» անյապաղ սրբագրուի։