Տողի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Մէջ Վերանորոգման Աշխատանքներ Կ՝ընթանան

Հայաստան

Հադրութի շրջանի Տող գիւղի 13-րդ դարի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կ՝ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Տողի համայնքի ղեկավար Ալեքսանդր Շապուրեան ըսած է, որ վերանորոգման աշխատանքները կ՝իրականացուին իրենց համագիւղացի երեւանաբնակ Կարէն Սաֆարեանի միջոցներով:

Գիւղապետին խօսքով՝ աշխատանքները սկսած են 2018 թուականին:

«Տեղադրած է նոր տանիք: Ներկայիս կը տարուին եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները. անոնք աւարտելէ ետք պիտի բարեկարգուի նաեւ տարածքը»,-նշած է Ա. Շապուրեան եւ աւելցուցած, որ կը նախատեսուի եկեղեցին շահագործման յանձնել 2019-ին: