
Երեք Զոհուած Զինծառայողի Ընտանիք եւ Մէկ Հաշմանդամ Զինծառայող կը Փոխհատուցուի
ՀՀ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հաշիւներու եւ պարտաւորութիւններու կառավարման յանձնաժողովը, 2018 Օգոստոս 6-ին, որոշում կայացուցած է՝ սահմանուած կարգով կատարելու հատուցումներ 3 զոհուած զինծառայողի ընտանիքներուն եւ մէկ 2-րդ խումբի հաշմանդամ զինծառայողի:
1000plus.am հիմնադրամին տեղեկութիւններով՝ ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, շարքային Յովսէփ Կարէն Գրիգորեանի, Արմէն Հմայակ Յարութիւնեանի եւ ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, կրտսեր տասնապետ Ռուսլան Զուրիկօ Մանուկեանի ընտանիքներուն պիտի փոխանցուի միանուագ 10-ական միլիոն ՀՀ դրամ եւ 20 տարուան ընթացքին՝ ամսական 200,000 ՀՀ դրամ, ինչպէս նաեւ 2-րդ խումբի հաշմանդամ շարքային Բաբգէն Էդուարդ Սիմոնեանին պիտի փոխանցուի միանուագ 5 միլիոն ՀՀ դրամ եւ 20 տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի ամսական 100,000 ՀՀ դրամ:
Նշենք, որ մինչ այս, «Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամէն փոխհատուցում ստացած է 41 զոհուած զինծառայողի ընտանիք եւ 15 վիրաւոր (հաշմանդամ) զինծառայող։