ՀՄԸՄ-ի Աւանդական Դարձած Տողանցքը Քեսապի Մէջ (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ի կէսօրուան 12: 00-ին Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի արի արենոյշներու, գայլիկներու եւ փողերախումբերու տողանցքը՝ նուիրուած ՀՀ անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման հարիւրամեակներուն։ Այս սմասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Հալէպի, Քեսապի ու Լաթաքիոյ ՀՄԸՄ-ականները՝ իրենց փողերխումբերով, հոծ բազմութեան ընկերակցութեամբ եւ շքեղ քայլերթով տողանցեցին Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Քեսապ Համալիր։

Համալիրին մէջ օրուան պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան:

Leave a Reply