Թրքական Դրօշները Կը Պղծեն Լոս Անճելըսի Հայկական Երկու Դպրոցներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան 

Անցեալ շաբաթ կէսգիշերին, ոտքէն գլուխ սեւազգեստ հագած անյայտ անձ մը, տասնեակ թրքական դրօշներ կախած էր Լոս Անճելըսի տարածքին վրայ գտնուող հայկական երկու դպրոցներու դարպասներուն վրայ։

Լուրը կրակի արագութեամբ տարածուեցաւ հայկական համայնքին մէջ, քանի որ անիկա աննախադէպ իրադարձութիւն էր։ Հաշուի առնելով 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերու եւ թուրքերու միջեւ առկայ վաղեմի թշնամանքը, բնական էր, որ հայերու եւ պետական պաշտօնեաներու մեծ մասը՝ դրօշի միջադէպը վերագրեցին մէկ կամ քանի մը թուրք անձերու, զայն անուանելով ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յանցագործութիւն …

Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի (Էնսինօ) եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Դեմիրճեան վարժարանի (Canoga Park) տնօրէնները հաղորդած են, որ դպրոցներու սահմանագիծով տեղադրուած տեսախցիկները արձանագրած են սեւ հագուստով անձնաւորութիւն մը, որ թրքական դրօշներ կախած է երկու դպրոցներու դարպասներուն, իսկ Ֆերահեան դպրոցի պարագային՝ նաեւ դպրոցին մէջ գտնուող աստիճաններու բազրիքներուն վրայ։

Հայկական համայնքը շատ արագ արձագանգեց միջադէպին։ Անյապաղ կազմակերպուեցաւ մամուլի ասուլիս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին կողմէ, որուն մասնակցեցան տասնեակ հայկական եւ ոչ հայկական լրատուամիջոցներ, ներառեալ քանի մը  հեռուստաընկերութիւններ, որոնք դրօշի միջադէպը լուսաբանեցին իրենց երեկոյեան լուրերուն մէջ։ Անոնք բոլորն ալ անդրադարձան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան՝ իբրեւ հայկական դպրոցներու մէջ ատելութեան հողի վրայ իրականացուած նողկալի յանցագործութեան դրդապատճառ։

Աւելի քան մէկ տասնեակ պետական պաշտօնեաներ դատապարտեցին հայկական դպրոցներու վրայ իրականացած յարձակումը.
– Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը,
– Քոնկրէսական Ադամ Շիֆը,
– Քոնկրէսական Պրետ Շերմանը,
– Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոն,
– Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Հենրի Սթըրնը,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Լորա Ֆրիտմանը,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Ճէսի Գաբրիէլը,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Ատրին Նազարեանը (Ֆերահեան դպրոցի շրջանաւարտ),
– Լոս Անճելըսի հատուածի վարչութեան անդամ Քեթրին Փարքըրը,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիկ Կարսեդին,
– Լոս Անճելըսի դատախազ Մայք Ֆէյըրը,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Պոպ Պլիւմենֆիլտը,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գորեցը,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրեգորեանը,
– Լոս Անճելըսի միացեալ դպրոցներու վարչութեան անդամ Սքոթ Շմերելսընը,
– Լոս Անճելըսի միացեալ դպրոցներու վարչութեան ոստիկանութեան բաժանմունքը,
– Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը։

Այս պաշտօնեաներէն քանի մը հոգին մասնակցեցան անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին եւ խստօրէն դատապարտեցին դպրոցներուն վրայ եղած յարձակումը: Քոնկրէսական Շերման կոչ ըրաւ ՀԴԲ-ին (FBI)՝ միջադէպը հետաքննելու իբրեւ ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն։ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գորեց միջադէպը բնութագրեց իբրեւ «համարժէք հրէական դպրոցներու վրայ նացիստական սուասթիքա դնելուն»։

Երկու դպրոցներու տնօրէնները ժողովներ իրականացուցին իրենց աշակերտներուն հետ, վստահեցնելով անոնց, որ բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները ձեռնարկուած են անոնց անվտանգութեան ապահովման համար։ Ֆերահեան դպրոցի սաները երթ կազմակերպեցին դպրոցի մերձակայքը՝ բողոքելով թրքական վանդալութեան դէմ՝ ձեռքերնին պահած հայոց եռագոյն դրօշները։ Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը աշխուժացուցած է իր պարեկային ծառայութիւնը տարածքի բոլոր հայկական դպրոցներուն շուրջ՝ կանխելու նմանատիպ միջադէպի կրկնութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան երկու նախարարութիւններ հանդէս եկան յայտարարութիւններով՝ դատապարտելով Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներու դէմ կատարուած յարձակումները: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ հայկական երկու դպրոցներուն մէջ թրքական դրօշներ կախելը «մեծ վրդովմունք կ՝առաջացնէ, քանի որ մեր օրերուն ատելութեան նման դրսեւորումները ուղղակի անընդունելի եւ անհասկնալի են քաղաքակիրթ աշխարհին համար»։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւս դատապարտեց ատելութեան հիմքով յանցագործութիւնը հայկական դպրոցներուն դէմ՝ «որմով մտադրուած էին վարկաբեկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Նախարարը իր համերաշխութիւնը արտայայտեց հայ համայնքին. «Խստօրէն կը դատապարտենք ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անօրինութեան հողի վրայ իրականացուող բոլոր արարքները»:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրտեան (նստավայրը՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաք) եւս դատապարտեց երկու դպրոցներու դէմ յարձակումը. «Հիւպատոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ Լոս Անճելըսի ամբողջ հայ համայնքին դէմ ուղղուած ատելութեան դրսեւորումները եւ այս հարցով սատար կը կանգնի լոսանճելըսահայ համայնքի դրսեւորած միասնական կեցուածքին»: Նաեւ, շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ դատապարտեցին այս յարձակումը։ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորական ամերիկեան միութիւնը եւս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, վանդալութիւնը անուանելով «մոլեռանդութեան նողկալի գործողութիւն, որ իրականացուած է աշակերտներու եւ ամբողջ համայնքի մօտ վախի զգացում առաջացնելու համար։ Մեր երկու համայնքներուն համար թրքական դրօշը աւելին է, քան պարզապէս դրօշը։ Ատիկա ճնշման եւ ցեղասպանութեան խորհրդանիշ է, միլիոնաւոր սպաննուածներու, իրենց ընտանիքներէն պոկուած փոքրիկներու, մեր նախնիներու հալածանքի տարիներու խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ մութ պատմութեան բացայայտ, համակարգուած ժխտման խորհրդանիշ, որ վէրքեր բացած է, եւ որոնք դեռ բաց են մինչ օրս»։

Միւս կողմէն, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը միջադէպը անուանած է «զրպարտութեան քարոզարշաւ ընդդէմ Թուրքիոյ»: Հիւպատոսութիւնը նաեւ իր Դիմատետրի էջին վրայ տեղադրած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Թուրք-ամերիկեան միութեան (ATASC) յայտարարութիւնը, պնդելով, որ «Ամերիկայի թրքական համայնքը մասնակից չէ եղած Լոս Անճելըսի մէջ այսօր բեմադրուած կանխամտածուած սադրանքին»։ Վանդալութիւնը անուանելով «այսօր բեմադրուած կանխամտածուած սադրանք», ATASC-ն անամօթաբար կ՝ենթադրէ, որ այս պիղծ գործողութիւնը իրենց սեփական դպրոցներուն դէմ իրականացուցած են հայերը…

Ասիկա միեւնոյն անհիմն մեղադրանքն է, որ եղած է որոշ թուրքերու կողմէ հասարակական ցանցերու մէջ եւ աւելի զայրացուցած հայ համայնքը։ Զարմանալի չէ, որ թրքական միութիւնը եւ թրքական հիւպատոսութիւնը կը ժխտեն թուրքերու ներգրաւուածութիւնը այս միջադէպին: Ի վերջոյ, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ 1.5 միլոն հայերու ցեղասպանութիւնը, անիկա կրնայ դիւրութեամբ հերքել նաեւ դրօշի միջադէպը։ Ոչ թրքական միութիւնը, ոչ ալ թրքական հիւպատոսութիւնը կրնան գիտնալ, եթէ ոեւէ թուրք ներգրաւուած է այս յարձակման մէջ։

Լոս Անճելըսի հայկական համայնքային կազմակերպութիւնները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հայաստանի երկու նախարարները գործեցին շատ արագ եւ ըստ պատշաճի՝ դատապարտելով հայկական երկու դպրոցներուն վրայ եղած յարձակումը: Տասնեակէ աւելի պետական պաշտօնեաներու կողմէն զօրակցութեան ուղերձները վստահեցուցած են համայնքին, որ տեղական, նահանգային եւ դաշնային կառավարութիւնները, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու հետ համատեղ, լրջօրէն կը հետապնդեն վանդալութեան գործով կասկածեալները։ Նման զօրակցութիւնը յոյս կը ներշնչչէ տեղական հայկական դպրոցներուն մէջ յետագայ յարձակումները եւ անոնց սրումը կանխելու համար: Այս հանգամանքներով, անխոհեմ եւ անտեղի պիտի ըլլայ հայերուն կողմէ այս հարցը իրենց ձեռքով լուծելը՝ հակայարձակում գործելով թրքական թիրախներու դէմ։ Բարեբախտաբար իրաւապահ մարմինները մասնագիտականօրէն կը զբաղին այս միջադէպով։ Անոնք պիտի հրապարակեն իրենց բացայայտումները, հազիւ պարզեն յանցագործներուն ինքնութիւնը։

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը