Մամետեարով Փաշինեանի Տրամաբանութիւնը Չի Հասկնար
Պաքուն, Յունուար 31-ին, արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ իր կառավարութիւնը նոյնիսկ չի կրնար քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։
«Փաշինեանի տրամաբանութիւնը դժուար է հասկնալ: Ինչպէս յայտնի է, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի հովանիի ներքեւ կատարուող բանակցութիւններուն հիմք կը կազմեն նոյնինքն հայկական ուժերու հեռացումը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն։ Այդ պահանջը արտացոլուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերու մէջ, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ընդունուած գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերով: Այս պարագային հարց կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը բանակցութիւններէ հրաժարում չի՞ նշանակեր»:
Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան լրագրողներուն ըսած էր,- «Մենք չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը: Մեր կառավարութիւնը Ղարաբաղի հարցով կը վարէ քաղաքականութիւն մը, որ նախապէս ոչ մէկ իշխանութիւն վարած է: Որեւէ զուգահեռ տանիլը եւ նախապէս վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւն են»:
