Հանդիպում Մերքելի Հետ.Փաշինեանի Այցը Գերմանիա կը Շարունակուի

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիա պաշտօնական այցով գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փետրուար 1-ին, իր հանդիպումները կը շարունակէ Պեռլինի մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի՝, վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

Պաշտօնական այցին երկրորդ օրը ան իր հանդիպումները պիտի սկսի Քոնրատ Ատենաուըր հիմնադրամ այցելութեամբ։ Այնտեղ նախատեսուած է վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը, որմէ ետք ներկաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հարցեր ուղղելու անոր։

Հիմնադրամ այցելութենէն ետք՝ Նիկոլ Փաշինեան պիտի հանդիպի Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։

Կէսօրին պիտի կայանայ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որմէ ետք, անոնք հանդէս պիտի գան մամուլի ասուլիսով։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի հանդիպի նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր-Շթայնմայըրի հետ։ Այնուհետեւ նախատեսուած է հանդիպում Գերմանիոյ տնտեսութեան Արեւելեան յանձնաժողով-Արեւելեան Եւրոպա միութեան գործադիր տնօրէն Միխայէլ Հարմսի եւ գերմանական առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։