Լիբանանի Հանրապետութիւնը Նոր Կառավարութիւն Ունեցաւ

Աշխարհ

Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ, խորհրդարանական ընտրութիւններէն 9 ամիս ետք, կեանքի կոչուեցաւ նոր կառավարութիւնը։ Այս մասին հաղորդեցին MTV Lebanon-ի լուրերու բաժինէն։

Հարկ է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով, 30 հոգիէ կազմուած Լիբանանի կառավարութեան մաս կը կազմէ 4 կին նախարար: