Ապրիլը «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Հռչակուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 7-ին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց Ապրիլը «Հայոց Պատմութեան Ամիս» հռչակել՝ յարգելու համար հայ համայնքին մշակութային հարստութիւնը, տոկունութիւնը եւ գաւառէն ներս անոր ներդրումները։

Վերահսկիչները լուսարձակի տակ առին այն իրողութիւնը, որ Ապրիլին նաեւ պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակը, մինչ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին է Արցախի ամբողջական հայաթափումը։

Պարկըրի կողքին, բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած է նաեւ վերահսկիչ Ճենիս Հան։

Պարկըրի գրասենեակը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 28-ի իր նիստին ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը պիտի մեծարէ կարգ մը հայեր։