Սփիւռքի Զօրաշարժին Նուիրուած Խորհրդաժողով
Ապրիլ 11-12 Փարիզի մէջ պիտի իրականացուի Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով, որ միտուած պիտի ըլլայ վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմակայելուն։
2018 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական ազգային շահերէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն հրաժարիլը (որուն իբրեւ արդիւնք Արցախի բռնի հայաթափումն է), ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներն ու ազգային հաստատութիւններու դէմ յարձակումները աննախընթաց օրհասական իրադրութիւն ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհի համար։
Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը՝ ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած դիրքորոշում՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքի եւ, առհասարակ, հայկական ազգային շահերու եւ Հայ Դատի։
Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ աւելի քան 25 երկրի շուրջ 150 ներկայացուցիչ, ներառեալ՝ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։
Օրակարգի առանցքային կէտերն են՝
— Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ քաղաքական օրակարգը.
— Ազգային արժէքներու եւ Հայոց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով. նոր իրավիճակի մարտահրաւէրները.
— Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ, Սփիւռքը իբրեւ հայկական աշխարհի փափուկ ուժի բաղադրիչ.
— Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում՝ յանուն համահայկական նպատակներու։
Աւարտին՝ խորհրդաժողովը աշխարհասփիւռ հայութեան պիտի դիմէ կոչ-յայտարարութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական, համայնքային եւ այլ նախաձեռնութիւններ։
ՍՓԻՒՌՔԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԴՐՈՂ ԿԱԶՄ
