ՀԱՅ ԴԱՏԻ 60-ԱՄԵԱԿ — Բացառիկ Հատորի Մը Հրատարակութեան Առիթով
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
2026-ին յատկանշականօրէն կը բոլորուի 60-ամեայ հանգրուանը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն Յունաստանի մէջ։ Վեց տասնամեակներու վրայ երկարող պահանջատիրական պայքարի բազմաշերտ գործունէութիւն մը, որ իր քաղաքական, իրաւական եւ ցուցական երեսներով համախմբեց բովանդակ յուհայութիւնը մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման նուաճումներուն շուրջ։
Նշանակալից այս անկիւնադարձը կարելի չէ տեսնել որպէս սոսկ յոբելենական հանգրուան, այլ որպէս յունահայ գաղութի քաղաքական հասունացման եւ կազմակերպուած պայքարի պատմական ուղեգիծ։ Վեց տասնամեակներու ընթացքին Հայ դատը վերածուեցաւ այն գաղափարական առանցքին, որուն շուրջ ձեւաւորուեցաւ գաղութի ազգային եւ հասարակական գործունէութիւնը՝ գերազանցելով զուտ մշակութային ինքնապահպանման սահմանները եւ ազգային ինքնութեան պահպանումը կապելով պատմական արդարութեան պահանջին ու միջազգային ճանաչման պայքարին։
60-ամեայ նուաճումը առիթը եղաւ որպէսզի «Ազատ Օր» ձեռնարկէ բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան, որուն մէջ արձագանգ գտած է պատմական երկար ուղին եւ կազմակերպական անթուլ աշխատանքի արդիւնքը, որ առաջին անգամ ըլլալով գրի կ՚առնուի ու կ՚արձանագրուի շարք մը անձերէ, որոնք եւս իրենց անմիջական մասնակցութիւնը ունեցան քաղաքական աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Անմիջական յուշապատումը առիթը կու տայ ընթերցողին հանգամանօրէն իմանալու Հայ դատի բազմաոլորտ իրագործումներուն եւ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին յունահայ գաղութի քաղաքական եւ պահանջատիրական պատմութեան վրայ։
* * *
Հատորի առաջին էջերուն մէջ տեղ գտած խմբագրական նշումը արժեւորումը կը կատարէ յունահայ գաղութի քաղաքական հասունացման։ Այդ գործընթացը միաժամանակ արտայայտուեցաւ գաղութային կազմակերպման ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ յունական քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումով։
Ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ կ՚առնէ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ 1996-ի պատմական որոշումը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը, պետական օրէնքի վերածելով անոր նշումի պարտաւորութիւնը։ Ինչպէս կը նշէ յօդուածագիրը՝ բանաձեւը քաղաքական լուրջ կշիռ ունեցաւ։ Առաջին հերթին, կարեւոր էր անոր միջազգային ազդեցութիւնը, ուր Յունաստան՝ որպէս Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր, այս քայլով ազդանշանը կու տար միջազգային ընտանիքին, թէ պատմական ճշմարտութիւնը կարելի չէ զոհել քաղաքական շահերուն առջեւ։
Ծաւալուն աշխատասիրութեամբ մը, ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան կը կատարէ պատմական ամբողջ ժամանակաշրջանի մը արժեւորումը, նախ ներկայացնելով մինչեւ 1965-ի պահանջատիրական անկիւնադարձը ձեւաւորած Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթը, ապա մանրամասն տալով Յունաստանի մէջ Հայ դատի քաղաքական իրագործումները, ինչպէս նաեւ հելլէն քաղաքական, ակադեմական ու ընկերային գործօններու մասնակցութիւնը հայութեան արդար դատի պահանջատիրութեան հանգրուաններուն։ Հանգամանալից տեղեկութիւններով պատրաստուած աշխատութիւնը նաեւ միաժամանակ կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ պատմագիտական ոլորտի հետազօտող շրջանակներուն համար, որուն մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ մանրամասնութիւններ՝ պատմական եւ քաղաքական հարուստ բովանդակութեամբ։
Հայրենի ծանօթ պատմագէտ եւ քաղաքական գործիչ ընկ. Խաչատուր Ստեփանեան եւս ծաւալուն յօդուածով մը կը նկարագրէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1924, լոյս սփռելով պատմական ժամանակաշրջանի մը վրայ, որ նուազ ծանօթ է ընթերցողին։ Գաղութի կազմութենէն առաջ, երբ յունահայ համայնքը տակաւին փոքրաթիւ պատկեր մը կը ներկայացնէր, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը գլխաւորաբար կապուեցաւ յեղափոխական շրջանի իրադարձութիւններուն հետ, երբ, յօդուածագիրի դիպուկ բնորոշումով՝ «Փաստօրէն Յունաստանի մէջ գործող դաշնակցական կառոյցը ոչ միայն ներգրաւուած է ազատագրական պայքարին զէնք հասցնելու գործին մէջ, այլեւ փորձած է այդ պայքարին մասնակցող մարտիկներ պատրաստել»։
«Դէպի նորոգուած ազգային տեսլական» խորագիրով, ընկ. Սեւակ Պէլեան կը խօսի սփիւռքի մէջ Հայ դատի պահանջատիրութեան տարբեր բնագաւառներուն մասին։ Յաջորդաբար, ան կը նշէ նորոգուած ազգային տեսլականի մը որդեգրումը, յատկապէս Հայաստանի ներկայ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան լոյսին տակ։
Վերլուծական ընդարձակ աշխատասիրութեամբ մը, Հայաստանի Ակադեմիոյ պատմական բաժինի դասախօս Արմէն Մարուքեան կը վերլուծէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացի նշանակութիւնը այդ յանցագործութեան հետեւանքներու յաղթահարման գործին մէջ։ Ան հանգամանօրէն կը խօսի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետանպնդման ընթացքի եւ պետութիւններու կողմէ ճանաչման ձեւաւորումի փորձերուն մասին, ինչպէս նաեւ կ’արձանագրէ Թուրքիոյ պետական հակազդեցութեան քաղաքականութիւնը միջազգային ընտանիքին հանդէպ։
Յունահայ գաղութի քաղաքական գործունէութեան հետ առնչուած շահեկան հարցազրոյց մը ընկերներ Գեղամ Եաղճեանի եւ Թագւոր Յովակիմեանի հետ, ընթեցողին տրամադրութեան տակ կը դնէ տասնամեակներու վրայ երկարած Հայ դատի պահանջատիրութեան կարեւոր նուաճումները, որոնց դերակատար եղաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը։ Երկու ընկերները, որպէս յանձնախումբի երկարամեայ անդամներ, հանգամանօրէն կը խօսին յունահայութեան գոյատեւման եւ ինքնահաստատման առաջին տարիներէն ետք, քաղաքական հաստատման եւ պահանջատիրական պայքարի հասունացման հանգրուաններուն մասին։
«Յուշամատեան» կայքէջին մէջ լոյս տեսած աշխատասիրութեան մը ընդմէջէն, Անի Աբիկեան կը կազմէ մանրամասն նկարագրականը Հայ դատի ռահվիրաններէն եւ յունահայ գաղութին մէջ պատմական ու քաղաքական կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած Գաբրիէլ Լազեանի կենսագրութեան։ Անուն մը, որ իր հետքը թողեց մեր գաղութի կազմաւորման մէջ, դառնալով նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկավար անդամ, որուն վաստակը անմար կը մնայ յունահայութեան պատմագրութեան մէջ։
Յունահայ անցեալի մտաւորական դէմք Յակոբ Ճէլալեանի մենագրութիւնը Գորֆուի հայկական գաղութին մասին, պատմական նկարագրումներով լեցուն վկայութիւն մըն է, որուն հիմքը կազմած են հայկական եւ օտար աղբիւրներ։ Հակառակ իր նօսրացման ու անհետացման, Գորֆուի հայկական գաղութը դարձաւ հաւաքավայրը մտաւորականներու բացառիկ աստղաբոյլի մը՝ ինչպէս Վահան Թէքէեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Թէոթիկ, Գէորգ Կառվարենց եւ ուրիշներ, որոնք եղան մազապուրծ ազատած հայ որբերու հոգածութեան անխոնջ պահապանները։
Յատկանշական է լուսանկարչական հարուստ հաւաքածոն, որ կը հրամցուի ընթերցողին։
Ան կ՚ընդգրկէ 1975-1985 թուականներէն սկսած զարթօնքը խտացնող կենդանի դրուագները՝ բողոքի ցոյցերէն մինչեւ Յունաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուած նստացոյցերն, փառատօները եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւնները, որոնք ո՛չ միայն լսելի դարձուցին հայութեան արդար ձայնը, այլեւ կազմեցին յունահայ երիտասարդութեան համախմբման եւ ազգային ինքնավստահութեան կռուանը։
Նոյն հետաքրքրութեամբ կարելի է տեսնել յունահայ պահանջատիրական գործունէութեան ընթացքին հրատարակուած որմազդները որպէս քարոզչական «…անցեալի» գրաւիչ գործիք մը։ Հետաքրքական հաւաքածոն մեզ կը ճամբորդէ անցեալի տարիները, ուր որմազդը կը հանդիսանար ցուցական պայքարի ամէնէն յատկաշանական քարոզչական ձեւը, երբ երիտասարդութիւնը հաւատքով կը ձեռնարկէր անոնց տարածման Յունաստանի մեծ քաղաքներու ճամբաներուն վրայ։
Հատորի յունալեզու բաժինին մէջ, ընկ. Մայք Չիլինկիրեան կը փորձէ տարբեր պատմագիտական մօտեցում մը, այս անգամ ներկայացնելով հայկական ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ Յատկանաշական են յեղափոխական գործունէութեան արձանագրութիւնները, հայկական փոքր համայնքի կեանքը եւ գոյատեւման ջանքերը, միաժամանակ սատար հանդիսանալով Հայաստանի հողերուն վրայ տարուած ազատագրական պայքարին։ Համայնք մը, որ հետագային ուռճացաւ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ապաստանած հայութեան հսկայ զանգուածներով եւ հիմը կազմեց գաղութի պատմութեան հաստատումին։
Բացառիկ հատորը կ՚ամփոփուի Ասպետ Մանճիկեանի պատմական աշխատասիրութեամբ (յունարէնի թարգմանուած ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանի կողմէ), որ կը վերլուծէ հայերու ներկայութիւնը յունական տարածքներուն վրայ, սկսելով 5-րդ դարէն եւ հասնելով մինչեւ Ա. աշխարհամարտի օրերը։
Յօդուածագիրը կը նշէ բիւզանդական տարիներու պատմագիտական տուեալները, ապա կը ներկայացնէ միջնադարեան տարիներու օսմանեան տիրապետութեան տակ պատմական տարբեր հանգրուանները, յանգելով մինչեւ գաղթականներու երեւումը Յունաստանի ափերուն վրայ։
* * *
«Ազատ Օր»-ին կողմէ հրատարակուած բացառիկ այս հատորը յունահայ գաղութի քաղաքական եւ պահանջատիրական 60-ամեայ գործունէութեան հանդէպ տուրք մը ըլլալէ անդին, կը հանդիսանայ պատմական ուղեցոյց մը յունահայ երիտասարդութեան համար, որպէս հանգանակ քաղաքական միտքի զարգացման՝ Հայ դատի հետապնդման երկար ճամբուն վրայ։
Հատորը կարելի է ապահովել դիմելով «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը եւ ակումբները։
