Մահացաւ Բարսեղ Կանաչեանի Դուստրը` Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան
Հանրահռչակ յօրինող-երաժշտագէտ Բարսեղ Կանաչեանի դուստրը` Սեդա Կանաչեանը (ծնած` Կիպրոս, 19 Նոյեմբեր 1926-ին), մահացաւ խոր ծերութեան մէջ, Կիրակի, 22 Մարտին, Միացեալ Նահանգներ: Երկու տարեկանին իր մայրը (Քնար) կորսնցուցած` ան չզրկուեցաւ մայրական գուրգուրանքէ: Որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք Բարսեղ Կանաչեան ամուսնացաւ Քրիստինէ Գալֆայեանին հետ, որ «Մամի» անունով ճանչցուելով իր մտերիմներուն կողմէ` լաւապէս հոգ տարաւ Սեդային եւ քոյրերուն (Այտա եւ Ռիթա):
Իր հօր տեսողութիւնը տկարացած ըլլալով` ան 17 տարեկանին սկսաւ աշխատիլ Պէյրութի «Լ՛Օրիան» (այժմ` «Լ՛Օրիան-Լը Ժուր») օրաթերթին համար: Տարի մը ետք Սեդա ընտանիք կազմեց հալէպահայ Նշան Թիւսիւզեանին հետ: Ամոլը բախտաւորուեցաւ չորս զաւակներով` Ծովիկ (մահացած), Վահէ (ամուսնացած` Նուշիկին հետ), Ցոլիկ (ամուսնացած` Արա Շամլեանին հետ), եւ Շաղիկ (մահացած): Իբրեւ դուստր, կին, մայր եւ մեծ մայր` Սեդան եղաւ նուիրեալ, անբասիր եւ առատաձեռն:
Լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան իր աշխատանքներով եւ ծառայութեամբ ունեցած է իր վաստակը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէ:
Երկար տարիներ եղած է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի անդամ:
Թիւսիւզեան 45 տարիներու ընթացքին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին մէջ յարատեւ աշխուժութեամբ գործեց: Ան եղաւ կամաւոր աշխատանքի հերոսուհի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ կատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն ընդմէջէն:
Սեդային եւ Նշանին տունը դարձած էր ակումբ-հաւաքատեղի`մշակութային ու մշակութային շէն օճախ, ուր համախմբումները կը վերածուէին իսկական գեղարուեստի երեկոներուն: Ամուսնոյն մահէն ետք ալ Սեդային Պէյրութի (Քանթարի) տունը միշտ ալ բաց մնաց բոլորին եւ յատկապէս Համազգայինի մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն համար:
