Խաղաղութեան Աղօթք՝ Սպահանի Ս. Ամենափրկիչ Վանքին Մէջ

Սփիւռք

Իրանի ժողովուրդի պահպանութեան եւ երկրի խաղաղութեան համար աղօթք բարձրացուեցաւ Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ։

Կիրակի, Մարտ 22-ի առաւօտեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Յովսէփ Արիմաթացի» եկեղեցիին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի եւ մասնակցութեամբ թեմիս քահանայից ու դպրաց դասերուն, աղօթք բարձրացուեցաւ առ Բարձրեալն Աստւած` Իրանի ժողովուրդի պահպանութեան եւ երկրի խաղաղութեան համար։

Դռնփակ ձեւաչափով այս Պատարագը մատուցուեցաւ արժ. Տ. Վարդան քհնյ. Աղաբաբայեանի ձեռամբ, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը։

Յատկանշական է, որ Չորեքշաբթի, Մարտ 18-ին, նոյն եկեղեցիին մէջ, նախագահութեամբ թեմիս առաջնորդական տեղապահ Հայր Սուրբի տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն Մեծ Պահքի առիթով։ Այս արարողութիւնը նոյնպէս կատարուեցաւ դռնփակ։


Թղթակից (Նոր Ջուղա)_@alikonline