ՄԱԿ-ի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն՝ Արցախի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Նամակներ Յանձնուած Են
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին նախաձեռնութեամբ կազմուած Արցախի Ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ-նախագահ եւ անոր մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Մարիօ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցած է ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս՝ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախահայութեան ընկերային խնդիրները։
Մարիօ Նալպանտեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխանցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիելեանի նամակները, ինչպէս նաեւ Արցախի համայնքներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած հաւաքական դիմում-նամակներ։
ԱԺ նախագահի նամակին մէջ ընդգծուած է, որ Արցախի ժողովուրդին համար առաջնահերթութիւնը նախնիներու հայրենիք անվտանգ եւ արժանապատիւ հաւաքական վերադարձն է, շեշտելով, որ բնիկ ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնումը անհրաժեշտ նախապայման է տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար։
Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի աւելի քան 60 համայնքներու ղեկավարներու կողմէ ուղղուած դիմումին մէջ կարեւորուած է մարդասիրական եւ ընկերային աջակցութեան ընդլայնումը, տրամադրուած օժանդակութեան թափանցիկ վերահսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ճնշման անհրաժեշտութիւնը՝ կանխելու համար հայկական բնակավայրերու ոչնչացումը եւ ապահովելու վերադարձի անվտանգ պայմանները։
Նամակներուն մէջ նաեւ առաջարկուած է ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ նշանակել պատասխանատու մարմին կամ ներկայացուցիչ՝ անմիջական համագործակցութիւն հաստատելու եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Արցախի ժողովուրդի առկայ խնդիրներուն։
