ԱՄՆ Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովը փաշինեանին Կողմէ ՀԱԵ Դէմ Իրականացուող Յարձակումներուն Վերաբերեալ Զեկոյց Պատրաստած է
Շնորհակալ ենք ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին նիկոլ փաշինեանին կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող յարձակումներուն վերաբերեալ այս խիստ զեկոյցը պատրաստելու համար։ Այս մասին գրած է միջազգային փաստաբան Ռոպերթ Ամսթերտամը։
«Ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ զեկոյցին մէջ ուշագրաւ հատուածի մը վրայ․
«2025 թուականի ընթացքին վարչապետ փաշինեանը առաջարկած է ստեղծել եւ անձամբ նշանակել խորհուրդ մը, որ պէտք է ընտրէր ՀԱԵ նոր առաջնորդ, եւ ներկայացուցած է իր օրակարգին յարող հոգեւորականներ՝ գործող Կաթողիկոսը գահընկեց ընելու նպատակով։
փաշինեանի արշաւը Գարեգին Բ Կաթողիկոսի դէմ զուգակցուած է ՀԱԵ հոգեւորականներու եւ այն աշխարհիկ անձերու ձերբակալութիւններուն հետ, որոնք քննադատած են անոր կառավարութիւնը կամ դարձած են քաղաքական ընդդիմութիւն»։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/03/10/308327
