«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, առցանց արտակարգ նիստ գումարեց Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, միակ օրակարգ ունենալով Միջին Արեւելքի պատերազմն ու անոր հետեւանքները։

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սուրիոյ մեր թեմերու հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին։ Ան կեդրոնացաւ յատկապէս Իրանի երեք թեմական շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ Լիբանանի պայթիւնավտանգ կացութեան վրայ։

Զինուորական եւ քաղաքական ուղղութիւններով Հարթակի վերլուծաբանները ներկայացնել է ետք այս լայնածաւալ բռնկումներուն շարժառիթները, նպատակներն ու ստացած աննախընթաց տարողութիւնը, կեդրոնացան արմատական փոփոխութիւններուն ունենալիք հետեւանքներուն վրայ՝ հայկական կողմին։ Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձակուած հրթիռին հանգամանքներուն պարզաբանումը, քրտական գործօնի շահագործումը եւ թրքական նկրտումները այս բոլորին մէջ, քննարկումներուն ամէնէն առանցքային բաժիններն էին։ Այս բոլորին մէջ Պաքուի կողմէ առիթը օգտագործելու եւ Հայաստանի նկատմամբ քայլեր առնելու հաւանականութիւնները եւս փորձագիտական քննարկումներուն մաս կը կազմէին։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց համաշխարհային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս պատերազմներուն տարբեր ծալքերուն հետեւելու եւ զանոնք առարկայականօրէն գնահատելու «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամներուն վերլուծումներուն վերահասու դառնալը։ Նիստը արձանագրեց, որ պատերազմական գօտիներու մէջ կը գործեն Միջին Արեւելքի մեր թեմերը՝ Իրանի երեք թեմերը, ինչպէս նաեւ՝ Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ ծոցի, Լիբանանի ու Սուրիոյ, եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաղորդագրութեամբ հրապարակուած Նորին Սրբութեան թելադրանքն ու յորդորը պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած թեմերու պատասխանատուներուն՝ առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու անոնց կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն։

Բացառապէս վերոյիշեալ օրակարգով Հարթակը պիտի շարունակէ գումարել առցանց նիստեր՝ միջին արեւելան երկիրներու մեր թեմերուն եւ ժողովուրդին կացութեան հետեւելու եւ ստեղծուած ճգնաժամին մեր ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւեանքները յաղթահարելու ուղիներ որոնելու համար։