Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեան Ազատ Արձակուեցաւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը այսօր ազատ արձակուեցաւ «Երեւան Կեդրոն» քրեակատարողական հիմնարկէն։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն, իր փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ իր հոգեւոր եղբայրներուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն հասարակական, քաղաքական եւ հանրային գործիչներուն, որոնք այս ամբողջ ժամանակաշրջանին աջակցութիւն ցուցաբերեցին եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն։
Արշակ Սրբազանը յայտնեց, թէ չնայած կալանաւորութեան՝ իր դիրքորոշումները չեն փոխուած։ «Ընդհանրապէս կալանավայրերը կը կոչուին ուղղիչ աշխատանքային գաղութներ։ Ուրախ եմ ըսելու, որ ես “անուղղելի” մնացած եմ․ այս առումով ոչինչ փոխուած է։ Իմ հայեացքներս եւ դիրքորոշումներս մնացած են նոյնը»,– նշեց ան։
Յիշեցնենք, որ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը անհապաղ ազատ արձակելու որոշումը ընդունած է Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանը։
