Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ Յանձնախումբը Զեկոյց Ներկայացուցած է Արցախի Հարցով Խորհրդարանական Հետաքննութեան Հարթակին
Օրեր առաջ Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած՝ Արցախի հարցով խորհրդարանական հետաքննութեան հարթակի երրորդ նիստին ընթացքին զեկոյց ներկայացուցած է Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով քննութեան առարկայ հարցերու իրաւական եւ պատմական հիմքերուն։ Յանձնախումբը վկայակոչած է մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ 1907 եւ 1954 թուականներու Հաագայի, Ժընեւի համաձայնագրերը, Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2347 բանաձեւը։ Յանձնախումբը անդրադարձած է նաեւ Ցեղասպանութեան համաձայնագրի կիրառելիութեան եւ միջազգային իրաւունքի նախադէպերուն, որոնք կը ճանչնան՝ մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը կրնայ հանդիսանալ ցեղասպանական մտադրութեան ապացոյց։
Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբի զեկոյցը հիմնուած եղած է տարբեր փուլերու մէջ իրականացուած՝ Արցախի ցեղական զտման օրինաչափութիւններու վրայ։ Քննարկման ժամանակ Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուցած են յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեանը եւ Անտրէ Վարդանեանը, որոնք յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն պատասխանելէ բացի, նաեւ կոչ ըրած են․
1. Աւելցնել աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան։
2. Ընդունիլ, որ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ՝ դիտարկուած շրջափակման եւ մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու ծիրէն ներս, յանգեցուցած է ցեղական զտման։
3. Կիրառել թիրախային պատժամիջոցներ ազրպէյճանական վարչակարգի այն ներկայացուցիչներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են ցեղական զտման համար։
4. Հանրայնօրէն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան՝ իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին՝ համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) միջանկեալ միջոցի, Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի (1948 թ.) 13-րդ յօդուածի, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի 12-րդ յօդուածի եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլիայի 194 (III) բանաձեւի։
5. Հանրայնօրէն աջակցիլ այդ վերադարձի իրականացման՝ բազմազգ կամ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու տեղակայմամբ, որպէսզի բացառուի հայ ժողովուրդի նկատմամբ նոր վայրագութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ տեղական բնակչութեան վերապահուած ինքնակառավարման իրաւունքներու ապահովում։
6. Աւելի աշխուժօրէն նպաստել հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան՝ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի։
7. Կասեցնել ազրպէյճանի յետագայ հաւակնութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ եւ հանդէս գալ գրաւուած տարածքներէն անոնց դուրսբերման պահանջով։
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
27 Փետրուար, 2026թ.
