Բագրատ Սրբազանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուեցաւ

Հայաստան

Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը եւս երկու ամիս երկարաձգուեցաւ։

Մեղադրող կողմը դատարանէն պահանջած էր երկարաձգել կալանքը՝ նշելով, թէ ութ ամիսէ ի վեր կալանքի տակ գտնուող Բագրատ Սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն վերացած։

Դատաւորը իր որոշման մէջ եւս նշեց, թէ «կալանքի հիմքերն ու պայմանները չեն նուազած, չեն փոխուած, հետեւաբար այլընտրանքային խափանման միջոցները ի զօրու չեն ապահովելու ամբաստանեալի օրէնսդրական վարքագիծը»։

Դատաւորի որոշումը դահլիճին մէջ դիմաւորուեցաւ «ամօ՛թ» վանկարկումներով։ Սրբազանին պաշտպանները այսօր եւս այս մեղադրանքը քաղաքական հետապնդում նկատեցին։

Այսօրուայ դրութեամբ, այս գործով 18 ամբաստանեալներէն միայն Բագրատ արքեպիսկոպոսը եւ Վահագն Չախալեանը կը գտնուին կալանավայրի մէջ։ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը, Մովսէս Շարբաթեանը, Իգոր Սարգսեանը, Կարօ Օկումուշեանը եւ Արմէն Ալեքսանեանը տնային կալանքի տակ են, իսկ մնացեալներուն նկատմամբ ընտրուած են ազատազրկման հետ կապ չունեցող խափանման միջոցներ։