ազրպէյճանի Դատարանին Կայացուցած Վճիռը Ոչ Միայն Մեծագոյն Անարդարութիւն է, Այլեւ Անասելի Ցաւ. «Աւրորա»

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արմինէ Աֆէյեանի եւ «Աւրորա» մարդասիրական հիմնադրամի յայտարարութիւնը՝ Ռուբէն Վարդանեանի դատավճիռին վերաբերեալ։

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ կայացուած անարդար դատավճիռը, որմով ան դատապարտուեցաւ 20 տարուան ազատազրկման։

Մենք կոչ կ՝ընենք անյապաղ ազատ արձակել Ռուբէնը եւ կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ պաշտպանելու արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ արդար դատավարութեան սկզբունքները։

Ռուբէնին յառաջադրուած մեղադրանքները, որոնք կ՝առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ (Արցախ) անոր մարդասիրական գործունէութեան, կ՝անտեսեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, ինչը մտահոգիչ է։ Տասնամեակներ շարունակ Ռուբէնը եղած է կրթութեան, մարդասիրական օգնութեան եւ սոցիալական յառաջընթացի անձնուէր պաշտպան՝ իր կեանքը նուիրելով համայնքներու հզօրացման եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման: 2015 թ․ ան համահիմնադրեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, որ անոր անսասան նուիրումի վառ ապացոյցն է՝ մեծարելու անոնց, որոնք ուրիշները պաշտպանելու համար կը վտանգեն իրենց կեանքը:

ազրպէյճանի ռազմական դատարանին կայացուցած վճիռը ոչ միայն մեծագոյն անարդարութիւն է, այլեւ անասելի ցաւ անոր ընտանիքին համար, որ այս ամբողջ ընթացքին անցնելով այս ծանր փորձութեան մէջէն՝ բախած է հսկայական դժուարութիւններու։ Մենք մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք անոր կնոջ, երեխաներուն եւ թոռնիկին, որոնք նոյնիսկ այսպիսի ծանր պահուն կը շարունակեն ցուցաբերել աննկարագրելի ուժ։

Ռուբէնի գործունէութիւնը, յատկապէս սրուող հակամարտութիւններու այս ժամանակաշրջանին, կ՝արտացոլէ այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է «Աւրորան»՝ կարեկցանք, խիզախութիւն եւ մարդկայնութեան հանդէպ անսասան հաւատ։ Անոր դատավճիռը մտահոգիչ ուղերձ է անոնց, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն մարդասիրական գործին յատկապէս այն ժամանակ, երբ տարածաշրջանը կը բախի լուրջ մարտահրաւէրներու՝ յանգեցնելով տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներու եւ անյապաղ օգնութեան կարիք ունեցողներու խնդրին։

Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր յանձնառութեան՝ աջակցելու Ռուբէնի ընտանիքին, պայքարելու յանուն անոր ազատութեան եւ պաշտպանելու բոլոր անոնց իրաւունքները, որոնց անարդարացիօրէն զրկած են ազատութենէ։

«Աւրորա»-ն հիմնադրուած է՝ լոյս սփռելու խիզախութեան եւ մարդասիրական արարքներու վրայ, որոնք կը դրսեւորուին նոյնիսկ ամենադժուարին պահերուն։

Ռուբէն, ստեղծած ժառանգութիւնդ կը շարունակէ ոգեշնչել մեզ, եւ մենք հաստատուն ենք արդարադատութիւնը վերականգնելու մեր ջանքերուն մէջ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։