Փոքր Պետութիւններու Մեծ Փորձութիւնը․ «Հորիզոն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ


Խմբագրական

Անցեալ շաբաթ երկու զարգացումներ տեղի ունեցան, որոնք բոլորս, — կամ առնուազն այն հատուածին, որ իրապէս մտահոգ է Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններով, — պահ մը պէտք է սթափեցնեն․ ո՛չ թէ որովհետեւ անոնք անակնկալ էին, այլ որովհետեւ կը հաստատեն արդէն իսկ ձեւաւորուած օրինաչափութիւն մը։

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Վենսի Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելութիւնը ներկայացուեցաւ որպէս ապագայամէտ ռազմավարական գործակցութեան նախաձեռնութիւն մը՝ միտուած շրջանային փոխկապակցուածութեան, Միջին Միջանցքի, արհեստագիտական գործընկերութիւններու, ուժանիւթային աղբիւրներու բազմազանացման եւ անվտանգային համակարգման խնդիրներու լուծման։ Սակայն ըսուածէն ու հաղորդուածէն աւելի աչքառու էր չըսուածը։

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական նահանջը բացառապէս եւ միտումնաւոր կերպով անտեսուեցաւ։ Պաքուի մէջ տակաւին ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու շարունակուող կալանքը յիշատակուեցաւ, բայց առանց թափանցիկութեան կամ հետեւանքի։ Նոյնիսկ յիշողութեան խորհրդանշական քաղաքականութիւնը ենթարկուեցաւ սակարկութեան․ Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք «ցեղասպանութիւն» բառը լուռ կերպով հեռացուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութենէն։

Գրեթէ զուգահեռաբար, Եւրոպայի Խորհուրդի մարդկային իրաւանց յանձնակատարի (կամ աւելի ճիշդը՝ կամակատարի) զեկուցագրութիւնը Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութիւնը հիմնականօրէն ներկայացուց պարզապէս որպէս «համարկման» (integration) խնդիր։ Ըստ երեւոյթին՝ հաշուետուութեան, ցեղային զտումի եւ ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրները պէտք եղած չափով կարեւոր չէին… կամ պարզապէս յարմար չէր զանոնք նշել։ Մէկ խօսքով՝ արդարութեան նշոյլ մը իսկ հաստատելու հրամայականը վերածուեցաւ տեղահանուած ժողովուրդի համարկման խնդիրները լուծելու սոսկ վարչական կառավարման խնդրի։

Սա պատահականութիւններու շարք մը չէ։ Անոնք յստակօրէն կ՚արտացոլեն միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հին ու ծանօթ օրինաչափութիւն մը․ խնդրայարոյց շրջաններու մէջ գտնուող փոքր պետութիւնները առաւելաբար կը գնահատուին իրենց աշխարհաքաղաքական օգտակարութեամբ, քան իրենց ներքին ժողովրդավարական գործելակերպով կամ մարդկային իրաւանց հետ աղերս ունեցող խնդիրներով։

Երեւանի պարագային, այս օգտակարութեան չափանիշները կը յատկանշուին մեծ տէրութիւններու շրջանային մրցակիցները շրջանցող միջանցքներով, այլուր կախուածութիւնը նուազեցնող ուժանիւթային ուղիներով եւ աւելի մեծ մասշտապի ռազմավարութիւններու մէջ իր հնազանդ դիրքաւորումով։

Այս առումով Վրաստանը զգուշացնող զուգահեռ մը կը ներկայացնէ։ Տարիներ շարունակ Թիֆլիսը գովաբանուեցաւ որպէս ժողովրդավարական բարեփոխումներու առաջամարտիկ եւ ռազմավարական գործընկեր։ Սակայն երբ անոր ներքին քաղաքականութիւնը դարձաւ տատանողական, եւ արտաքին քաղաքական ուղղուածութիւնը վերադասաւորուեցաւ, արեւմտեան խանդավառութիւնը մարեցաւ, — ո՛չ միայն որովհետեւ ժողովրդավարական չափանիշները փոխուեցան, այլ որովհետեւ ռազմավարական կանխատեսելիութիւնը խախտուեցաւ։

Վտանգը մեծ է, որ Հայաստանը կրնայ մտնել նմանատիպ իրադրութեան մը մէջ, թէեւ այլ մեկնակէտէ։ Ուաշինկթընի հաւաստիքներն ու Եւրոպայի լռելեան հաւանութիւնը այժմ կը հաստատեն, որ ներկայ փուլին Երեւանի հնազանդութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական խնդիրներն ու մարդկային իրաւանց բնոյթի բազմաթիւ հարցերը։

Անշուշտ, սա չի նշանակեր, թէ արեւմտեան դերակատարները ի բնէ աւելի գործարքային են եւ միայն իրենց շահերով հետաքրքրուած։ Մոսկուան պատմականօրէն նոյն տրամաբանութեամբ գործած է, երբ Հայաստանը ամբողջովին մաս կը կազմէր իր անվտանգային համակարգին։

Փոքր պետութեան մը համար վտանգը առաւելաբար այս կամ այն ճամբարին հակուելու քաղաքականութեան մէջ չէ, այլ՝ լծակներէ զուրկ եւ տուեալ ճամբարէն ամբողջովին կախեալ ըլլալու վտանգաւոր հանգամանքին մէջ։ Երբ երկրի մը արտաքին քաղաքականութիւնը առաջնորդող սկզբունքը հնազանդութիւնն է, ան կը դադրի օրակարգ թելադրելէ կամ առնուազն որոշակի ազդեցութիւն ունենալէ անոր վրայ․ ան պարզապէս կը սկսի զանոնք ընդօրինակել ու յարմարիլ անոնց։

Պատասխանը ո՛չ մեկուսացումն է, ո՛չ ալ հովանաւորներու միջեւ միամիտ հաւասարակշռութեան հանդէպ վստահութիւնը։ Պատասխանը ռազմավարական ինքնուրոյնութիւնն է։ Հայաստանը պէտք է վերականգնէ իր հաստատութենական դիմադրողականութիւնը ներսէն, բազմազանեցնէ գործընկերութիւնները՝ առանց չափազանցուած պարտաւորութիւններու եւ խորապէս կախեալ ըլլալէ, եւ յստակ կերպով սահմանէ անսակարկելի կարմիր գիծերը՝ մանաւանդ ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարական կառավարման եւ արցախահայութեան հարցով հաշուետուութեան վերաբերեալ։

Արտաքին ուժերը պիտի շարունակեն հետապնդել իրենց շահերը։ Վճռորոշ հարցը այն է, թէ արդեօք Հայաստանը պիտի կարենա՞յ արժանահաւատ կերպով հետապնդել իր սեփական շահերը եւ ապահովել, որ նստած ըլլայ սեղանին շուրջ, եւ ոչ թէ մատուցուած՝ անոր վրայ։