Փետրուարեան Դասերը․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ


Խմբագրական

Փետրուար ամիսը եռախորհուրդ նշանակութիւն ունի, միեւնոյն առանցքով: Նախ կը նշուի Վարդանանքը, յետոյ Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ վերջապէս Արցախի ազատագրական շարժումը:

Պարզ է, որ առանցքը բռնատիրութեան դէմ հաւաքական ծառացումն է եւ ազգային արժանապատուութեան գերադասումը:

Եռախորհուրդը սակայն երկարաժամկէտ դրուածքով հայկական կողմին կառչած առաջադրանքներուն յաղթանակն է: Եթէ Վարդանանքը ժամանակի հեռաւորութենէն դիտուած ինքնութեան պահպանումն էր եւ կրօնափոխութեան մերժումը, ապա Փետրուարեան ապստամբութեամբ հանրահռչակուած ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը տասնամեակներ յետոյ հայրենիքի վերանկախացումի առարկայացումն էր: Նոյն ոգին էր, որ Արցախի ժողովուրդը մղեց պարտադրանքը մերժելու եւ իր ինքնութիւնը պահպանելու  համար ինքնապաշտպանուելու: Իր գոյութիւնը պահպանելու համար հանրապետութիւն կերտելու:

Երեք տասնամեակ ետք Ազրպէյճանը ապահովելէ ետք ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումը, լիարժէք օգտագործելով Երեւանի մէջ յայտնուած իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, փոխեց ռազմի կանոնները եւ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի դէմ:

Այսօր Արցախը հայաթափուած է եւ վերագրաւուած: Սակայն Արցախի էջը կարելի է չփակել եւ Վարդանանց ու Փետրուարեան ապստամբութեան հերոսներուն ցանած գաղափարները հետապնդել, եթէ պատմական դասերուն հաղորդ ղեկավարութիւն մը յայտնուի մեր պետութեան ղեկին:

Արցախի պատերազմական պարտութիւնը չի յաջողիր ստուերել գաղափարախօսութիւնը, առաջադրանքն ու նպատակը Արցախ աշխարհը վերստին ազատագրելու: Անհրաժեշտ է սակայն Արցախի օրակարգի ձեւակերպումը, հայեցակարգի մշակումը, ռազմավարութեան ճշդումը, դերերու բաշխումը, նպատակաուղղուած աշխատանքը: Արցախի ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու անմիջական ազատ արձակումի պահանջէն մինչեւ միջազգային նոր երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի ուղղութեամբ աշխատիլը եւ միջազգային ընտանիքին մօտ Արցախի դէմ կիրարկուող մշակութային ցեղասպանութեան կանգնեցման համար համակարգուած աշխատանքը, պիտի կազմեն այսօրուան օրախնդիրներու հիմնական կէտերը:

Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային անվտանգային երաշխիքներու ապահովումը կրնայ փոխարինել Ազրպէյճանի պահանջներով եւ Երեւանի ընդառաջումով լուծարուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Միջազգային ընտանիքի թէ տարբեր պետութիւններու մօտ տարուելիք հետեւողական աշխատանքը, մագոգային հանդիպումները կրնան նպաստել Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու ընդհանուր քաղաքականութեան, որպէսզի ազատ արձակէ պատանդառուած Արցախի ղեկավարութիւնն ու ռազմագերիները: Միջազգային մշակութային կառոյցներու, քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող եւ տարբեր պետութիւններու հովանաւորութիւնները վայելող կեդրոններու մօտ փաստավաւերագրական թղթածրարներու հիման վրայ անդադրում աշխատանքը կրնայ նպաստել կասեցնելու քաղաքակրթութեան մը բնաջնջումի ազրպէյճանական արշաւը:

Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրարի` Սումկայիթէն մինչեւ Կիրովապատ, անցնելով Պուտափեշտէն հասնելու համար Արցախի վերջին պատերազմ, հանրայնացումը, դամոկլեան սուրի գործօնի հանգամանք կրնայ ստանալ ամէն անգամ, երբ Ազրպէյճան փորձէ հատել տնտեսական կամ քաղաքական քայլերու թոյլատրուած սահմանը:

Կարեւորը Արցախի հայապատկանելիութենէն չհրաժարիլն է: Անկախութեան հռչակագիրով ամրագրուած Արցախի վերամիաւորումը չիրաւազրկելը: Ահա այս սկզբունքային դիրքորոշումէն կը սկսի Արցախը վերստին ազատագրելու առաջադրանքի որդեգրման աշխատանքը: Փետրուարեան ոգին ա՛յս կը պահանջէ հակառակ Աւարայրի պարտութեան, Փետրուարեան ապստամբութեան տապալումին եւ Արցախի ժամանակաւոր հայաթափումին: Ազրպէյճան իր նպատակին հասած չ՛ըլլար, եթէ ազգը ամբողջ չհրաժարի Արցախը վերստին ազատագրելու գաղափարէն: Ինչպէս ինքնութեան եւ ազատութեան գաղափարին կառչած մնացին Վարդանանք եւ Փետրուարեան ապստամբութեան հերոսները: