Պատրաստ Ենք Օգտագործել Մեր Գիտելիքներն ու Փորձը՝ Ի Նպաստ Հայրենիքի․ Սոֆիա Այտինեան, «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» Մրցոյթի Յաղթող
Այսօր կայացաւ «Հայ ուսանողութիւնն Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցոյթի երկրորդ փուլի եզրափակիչ հանդիպումը, որուն առանցքային թեման Արցախ վերադարձի իրաւունքն է։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Նշենք, որ մրցոյթը կազմակերպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը՝ նպատակ ունենալով համախմբել աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ։
Այս տարուան մրցոյթը համախմբած է ինը երկրէ 15 հայ ուսանողներ, որոնք ամիսներ շարունակ աշխատած են փորձագէտ խորհրդատուներու հետ՝ ներկայացնելով խորքային հետազօտութիւններ Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրաւական, քաղաքական եւ մարդասիրական կողմերուն շուրջ։
Միջոցառման ընթացքին յայտարարուեցան մրցոյթին հաղթողները։ Անոնց մէջ էր Սոֆիա Այտինեանը։
Ամբողջական տեսագրությունը՝ այստեղ։
