Ռուբէն Վարդանեանի Կալանքի Ընթացքին Յառաջադրուած Մեղադրանքներուն Համար Որեւէ Ապացոյց Չէ Ներկայացուած. Վարդանեանի Ընտանիքին Յայտարարութիւնը
պաքուն Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտեց 20 տարուան ազատազրկման։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը։
«ազրպէյճանի ռազմական դատարանին կողմէ կայացուած դատավճիռը սարսափելի է, բայց՝ սպասելի։ Ռուբէնի 874 օր առաջ առանց պատճառի կալանաւորուելէն ի վեր պարզ դարձաւ, որ այս դատավարութեան արդիւնքը կանխորոշուած է։ Անոր կալանքին ընթացքին անոր դէմ յառաջադրուած մեղադրանքներէն ոչ մէկուն համար որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուած։
Այս ընթացքին Ռուբէնը զրկուած է պատշաճ դատավարութեան, իրական, ոչ միայն պաշտօնական, իրաւաբանական ներկայացուցչութեան հասանելիութեան, միջազգային փաստաբաններու հասանելիութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներու լսումներուն մասնակցելու ցանկացած երաշխիքէ։
Լսումները տեղի ունեցած են փակ դռներու ետին եւ արդար դատավարութեան չափանիշներուն անհամատեղելի պայմաններու մէջ, ոչ միայն միջազգային իրաւունքի, այլեւ նոյնիսկ ազրպէյճանի օրէնսդրութեան համաձայն։
Ռուբէնի՝ որպէս մարդասիրական, բարեգործ եւ հասարակական ձեռնարկատիրոջ հեղինակութիւնը ոչնչացնելու փորձերուն հակառակ, մեր ընտանիքին աջակցութիւն ցուցաբերած են քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներն ու միջազգային դիտորդները․ ասիկա մեզի ուժ եւ յոյս տուած է։
Բոլոր անոնք, որոնք անձամբ կը ճանչնան Ռուբէնը կամ շփուած են անոր հետ մասնագիտօրէն, կը հասկնան իր դէմ յառաջադրուած մեղադրանքներուն անհեթեթութիւնն ու անհամապատասխանութիւնը։
Կը դատուէին ոչ միայն Ռուբէնը եւ հայ բանտարկեալները, այլեւ ողջ հայ ժողովուրդը։
Մենք պիտի շարունակենք ձգտիլ Ռուբէնի եւ քաղաքական դրդապատճառներով պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման, եւ կոչ կ՝ընենք աշխարհի առաջնորդներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խումբերուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ համաձայն միջազգային իրաւունքի, անոնց ազատութիւնը ապահովելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու համար»։
