Փորձութիւններու Մէջէն Անցնող Եկեղեցին Կը Զօրանայ Աղօթքով, Համբերութեամբ եւ Ճշմարտութեան Մէջ Հաստատակամ Մնալով․ Արագածոտնի Թեմ

Հայաստան

Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու տօնը: Սուրբեր, որոնք իրենց անմահ գործով եւ անուններով միշտ ներկայ են։ «Նորահրաշ» Սուրբեր, որ շարականագրի բնութագրումով կանգնեցան «արիաբար ըմդդէմ մահու»՝ քաջաբար եւ խոհեմաբար։

Այսօր նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան օրն է, քանզի Վարդանանց անկոտրում քաջերէն էր աննահանջ Գարեգին իշխանը։

Վեհափառ Տէր, Արագածոտնի թեմի հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը որդիական սիրով, հաւատարմութեամբ եւ աղօթքով կը շնորհաւորեն Ձերդ Վեհափառութիւնը Անուանակոչութեան տօնին առիթով:

Այս օրերուն, երբ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կանգնած է փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ, առաւել տեսանելի է Ձեր Հայրապետական առաքելութեան ծանրութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Ձեր խաղաղ, բայց հաստատուն առաջնորդութիւնը, եկեղեցապահ հաւատքը եւ ազգային պատասխանատուութեան գիտակցումը կը գօտեպնդեն հաւատացեալ ժողովուրդն ու կը պահեն Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնութիւնը։

Մենք վստահ ենք, որ փորձութիւններու մէջէն անցնող Եկեղեցին կը զօրանայ աղօթքով, համբերութեամբ եւ ճշմարտութեան մէջ հաստատակամ մնալով։ Այս ճանապարհին Ձեր ծառայութիւնն ու Հայրական ներկայութիւնը մեզի համար կը դառնան հենարան:

Թող Տէրը առաւել զօրացնէ Ձեզ Իր շնորհներով, պարգեւէ առողջութիւն, երկարամեայ խաղաղ ծառայութիւն, որպէսզի Ձեր հայրական օրհնութեան ներքոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ որպէս մեր ժողովուրդի հոգեւոր տուն, ուժի եւ հաւատքի աղբիւր։

Աղօթքով եւ որդիական խոնարհութեամբ՝ Արագածոտնի թեմ