Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից․ Ասպետ Մանճիկեան
Աւարայրի դաշտին վրայ` Տղմուտ գետի ափին, հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմը պարսկական անհաւասար ուժին դէմ` սպարապետ Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի, Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, հայ ազգի ինքնութեան խորհրդանիշն է:
Հայ եկեղեցին մեր ազգային ինքնութեան միջնաբերդն է, սերտօրէն միահիւսուած է հայ կեանքին հետ եւ միշտ ալ կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Հաւատք եւ ազգութիւն միաձուլուած են մեր ժողովուրդին համար: Հաւատքը ուրանալ կը նշանակէ կորսուիլ ազգութենէ:
* * *
Պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքան հայ ժողովուրդը իր ուրոյն դիմագիծէն զրկելու եւ Սասանեան հսկայածաւալ կայսրութեան մէջ ձուլելու նպատակով, հրովարտակ ուղարկեց հայոց մեծամեծներուն` պահանջելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ զրադաշտական դառնալ:
Հայոց մեծամեծները մերժեցին կրօնափոխութեան պահանջը` ըսելով. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ դառն հարուած»:
Յազկերտի հրամանով հայոց նախարարները կանչուեցան Տիզպոն, ուր անոնց պարտադրուեցաւ զրադաշտական դառնալ: Անոնք ստիպուած երեսանց ուրացան իրենց հաւատքը, որպէսզի կարենան հայրենիք վերադառնալ: Անոնց հետ Հայաստան ճամբու դրուեցան մեծաթիւ մոգեր եւ զօրքեր, որպէսզի երթան եկեղեցիները քանդեն, ատրուշաններ կանգնեցնեն եւ ժողովուրդը զրադաշտական դարձնեն:
Ժողովրդային դիմադրութիւնը սկիզբ առաւ Անգղ գիւղէն` Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, երբ մոգեր փորձեցին եկեղեցին քանդել եւ ատրուշանի վերածել: Դագանակներով ու քարերով սկսաւ դիմադրական շարժումը:
Ամբողջ ժողովուրդը, հոգեւորական եւ աշխարհական, շինական ու ազնուական, կին ու տղամարդ, բոլորը մէկ պաշտպանելու ելան Քրիստոսի սուրբ հաւատքը, հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը: Հաւատքով լեցուած, անոնք կ՛աղաղակէին. «Քանզի հայր մեր զՍուրբ Աւետարանն գիտեմք, եւ մայր` զԱռաքելական եկեղեցի կաթողիկէ»:
* * *
451-ի գարնան Յազկերտ Բ. Հայաստան ուղարկեց պարսկական երկու հարիւր հազարնոց բանակ մը` Մուշկան Նիւսալաւուրտի գլխաւորութեամբ: Հայոց վաթսունվեց հազար զինուորները պատրաստուեցան վճռական ճակատամարտի: Հայ մարտիկներու կողքին էին հայոց հոգեւորականները` Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ: Հոգեւորականներ քաջալերեցին զօրքը եւ Սուրբ պատարագի խորհուրդով ամրապնդեցին նուիրեալներուն հաւատքն ու ոգին: Բոլորը միասին հաւատքով կ՛ըսէին. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:
Աւարայրի ճակատամարտին, 451 մայիս 26¬ին, սաստիկ նետաձգութենէ, փոխադարձ գրոհներէ եւ բախումներէ ետք, սպարապետ Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, նախարարներ Արտակ Պալունի, Խորէն Խորխոռունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Տաճատ Գնթունի, Վահան Գնունի, Ներսեհ Քաջբերունի, Արսէն Ընծայեցի եւ Գարեգին Սրուանձտեան, բոլորը միասին` հազար երեսունվեց մարտիրոսներ, ինկան նահատակ: Պարսիկներ կորսնցուցին 3544 զինուորներ:
Աւարայրի ճակատամարտէն ետք պարսիկներ ձերբակալեցին Յովսէփ կաթողիկոս Հողոցմեցին, Ռշտունեաց Սահակ եպիսկոպոսը, Բասենի Թաթիկ եպիսկոպոսը, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն երէցները եւ Քաջաջ ու Աբրահամ սարկաւագները եւ տարին Պարսկաստան:
Քուշաններու դէմ պատերազմին ժամանակ` 454¬ին, կալանաւոր հայ հոգեւորականները տարուեցան Ապար աշխարհ: Արշաւանքը պարտութիւն եղաւ պարսկական բանակին: Մոգերը պարտութեան պատճառը հայ հոգեւորականներուն վերագրեցին:
Յազկերտ արքայի հրամանով նահատակուեցան Յովսէփ կաթողիկոս, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ երէցներ եւ Քաջաջ ու Աբրահամ սարկաւագներ:
Վարդանանց պայքարը շարունակուեցաւ Քաջ Վարդանի եղբօրորդի` Վահան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ: Պարսիկներ, տարիներ շարունակ դիմադրութեան հանդիպելով եւ հսկայական կորուստներ կրելով, հրաժարեցան հայերը կրօնափոխ ընելու իրենց ծրագիրէն: Նուարսակի 484¬ի դաշնագիրով Վաղարշ արքայից արքայ վերջ տուաւ հայոց կրօնափոխութեան պարտադրանքին:
* * *
Վարդանանց տօնէն առաջ կը տօնուի նաեւ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած Սրբոց Ատոմեանց զօրավարաց յիշատակը:
Ատոմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի պարսկական բանակին մէջ ծառայող զինուորականներ էին: Յազկերտ Բ. արքայից արքան որոշեց հաշուեյարդարի ենթարկել զանոնք: Ատոմ եւ իր զինուորները նախընտրեցին կամաւոր նահատակութիւնը եւ սրոխողխող եղան Ձիակալ կոչուած վայրին մէջ: Իսկ Մանաճիհր Ռշտունի եւ իր զինուորները նահատակուեցան Ռշտունեաց գաւառի Ոչխարանից վանքին մէջ: Բոլոր նահատակներուն թիւը շուրջ հազար հոգի էր:
Յիշենք նաեւ Երկրորդ կամ Նոր Ատոմեանները, որոնք Ատոմ Անձեւացիի գլխաւորութեամբ մերժեցին կրօնափոխութեան պահանջը եւ նահատակուեցան 853-ին, Դուինի մէջ:
Վարդանանց պատերազմը մեզի համար դարձաւ հաւատքի յաղթանակ:
Վարդանանց պատերազմը քրիստոնեայ աշխարհին, լոյսին, կեանքին, հաւատքին ու ազատութեան բախումն էր խաւարին, մահուան, հաւատուրացութեան ու ստրկացման դէմ:
