Կտակ․ Մենք Չփոխեցինք Մեր Հաւատքը․․․ Վարդանին Սուրը Ինկաւ, Բայց Վեհափառին Խաչը Բարձր Մնաց․ Վարդգէս Աբէլեան
Սիրելի՛ թոռներուս եւ ծոռներուս, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ մանուկներուն:
Սիրելի՛ հարազատներ, հայրենակիցներ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, ի՛նչ համայնքի կամ կուսակցութեան ալ պատկանիք, լսեցէ՛ք ըսելիքս ու յիշեցէ՛ք։
Երբ մանուկ էի, առաջին տարին, որ զիս Քեսապի Քորկիւնա գիւղի դպրոցը դրին, մանկապարտէզի Ա. դասարանին մէջ առաջին արտասանութիւնը, որ սորվեցանք, հետեւեալն էր. մեր բռունցքները ամուր սեղմած, դէպի երկինք խոյացած, մեր բարակ ձայնով կ՛աղաղակէինք․ «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»։
Այդպէս ալ, ամէն տարի կը տօնէինք Վարդանանցը։ Մեզի համար անիկա հաճելի եւ տօնական օր մըն էր, բայց երկար ժամանակ չէինք հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը տօնէինք պարտութիւն մը, որուն ընթացքին Վարդան իր բազմաթիւ զինակիցներով զոհուեցաւ։
Տարիներ անց, երբ կարդացինք ու ըմբռնեցինք Վարդանանցի պատմութիւնը, հասկցանք ճշմարտութիւնը։ Պարտութիւնը զինուորական էր, բայց ոչ հոգեւոր։ Պարտուեցանք, որովհետեւ ունեցանք դաւաճան Վասակը, բայց չենք պարտուած, քանի որ թշնամին չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին։ Մենք չփոխեցինք մեր հաւատքը, մնացինք հայ քրիստոնեայ։ Վարդանին սուրը ինկաւ, բայց վեհափառին խաչը բարձր մնաց։
Մեր հոգեւորականները միշտ եղած են պետութեան կողքին, իսկ երբ պետութիւն չկար, իրենք դարձան պետութիւն։
20րդ դարուն հայութեան մեծ մասը կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Ազատութեան տենչը, կազմակերպուածութիւնը եւ ազգային պահանջները կը սարսափեցնէին օսմանեան իշխանութիւնները։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաոսը օգտագործելով՝ անոնք որոշեցին վերջնական լուծում տալ Հայկական Հարցին։ Այսպէս, 1915-1918ին իրականացուեցաւ մարդկութեան պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը։
Պատերազմի պատրուակով հայ ժողովուրդը գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք քշուեցաւ դէպի անապատները։ Արդիւնքը՝ մէկուկէս միլիոն նահատակ, կողոպտուած հայրենիք, խլուած տուներ, այգիներ ու կեանքեր։
Բայց այստեղ եւ անկէ առաջ ալ ունեցանք քաջ Վարդաններ՝ Անդրանիկը, Գէորգ Չաւուշը, Համազասպը, զօրավար Գարեգին Նժդեհը եւ բազում ֆետայիներ, որոնք ուխտած էին զոհուիլ, բայց չխոնարհիլ։
Ցեղասպանութենէն ետք, հակառակ ահաւոր կորուստներուն, հայ ժողովուրդը կրկին չպարտուեցաւ։ Գտնուեցանք յաղթող պետութիւններու կողքին եւ ունեցանք մեր առաջին անկախ հանրապետութիւնը՝ Ուիլսընեան Հայաստանի տեսիլքով։
Ցաւօք, այդ անկախութիւնը կարճ տեւեց։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը մեր երկրին սահմանները փակեց երկաթեայ վարագոյրով։ Այսպէս ծնունդ առին Խորհրդային Հայաստանը եւ Սփիւռքը։
Երկուքն ալ գոյատեւեցին։ Խորհրդային Հայաստանը պահպանեց պետականութիւնը, Սփիւռքը՝ ինքնութիւնը։ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ հայերը կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, միութիւններ եւ համայնքներ։ Մենք երախտապարտ ենք մեզի ընդունած ժողովուրդներուն։
1939ին ծագած Համաշխարհային Բ. պատերազմին հայերը դարձեալ կռուեցան յաղթողներու կողքին։ Դժբախտաբար, թէեւ որոշ չափով ազատ էինք, սակայն ոչ ամբողջութեամբ անկախ։
Արցախի հայութիւնը, որ կ՛ապրէր Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, պահանջեց իր ինքնորոշումը։ Պայթեցաւ Արցախի պատերազմը, որուն ընթացքին սփիւռքահայերու եւ այլոց օգնութեամբ արցախցիները յաղթեցին։ Ծնունդ առաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, սակայն ան մնաց չճանչցուած ու խոցելի։ Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ Արցախը չմիացուեցաւ Հայաստանին, շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ հայկական երկու պետութիւններն ալ անկախ չէին եւ երկուքն ալ ապրեցան երեք մեծ պետութիւններու «հսկողութեան» տակ, պետութիւններ, որոնց վիճակուած էր լուծում գտնել Արցախի հարցին:
30 տարիներ անցան։ Հայաստան ունեցաւ երեք նախագահներ, որոնք երբեմն լաւ, երբեմն ալ վատ կատարեցին երկրի գործերու ղեկավարման աշխատանքը: Որոշ բաղձանք կար գործակցելու Սփիւռքի հետ․ ունեցանք սփիւռքի նախարարութիւն մը, որպէսզի հայերը իրարու աւելի լաւ հասկնան եւ միասին գործեն: Եկաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը՝ մեծ յոյսերով։ Ունեցանք նոր վարչապետ՝ ոﬓ Նիկոլ Փաշինեան․ամէն կողմ ցնծութիւն, երկիրը պիտի բարելաւուի, քանի անիկա լաւ ձեռքերու մէջ է, Հայաստանը անկաշառ, մաքուր, ժողովրդավարական երկիր պիտի ըլլայ, ժողովուրդը հրճուանքի մէջ է, պետութիւնը անհոգ իր ճամբով կ՛ընթանայ կարծես, ոչ ոք կը յիշէ Խրիﬔան Հայրիկի ու բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ոսկեայ յորդորները, թէ՝ թուղթէ շերեփով հերիսա չենք կրնար ուտել» եւ թէ՝ «հա՛յ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու հաւաքական ուժիդ մէջ է»: Յաճախ կը լսենք այս յորդորները բեﬔրէ եւ այլ հաւաքոյթներու ընթացքին․ բոլորս կ՛ընդունինք, մեր գլուխները կը շարժենք, բայց: Անցան տարիներ, Արցախի հարցը լուծելու փոխարէն երեք պետութեանց ներկայացուցիչները գացին ու եկան, բայց ոչինչ փոխուեցաւ․ զուարթ կը քնանայինք, ﬕնչ թշնաﬕն իր քարիւղը արդիական զէնքերու կը վերածէր ու ﬕնչեւ ակռաները զինուած առիթի կը սպասէր: Այդ առիթը չուշացաւ, եւ մեր թշնամին, ապահովելով Թուրքիոյ եւ հրեաներու աջակցութիւնը, յարձակեցաւ Արցախի վրայ: 44 օրեր շարունակ «պիտի յաղթենք, պիտի յաղթենք» գոչելով կորսնցուցինք պատերազմը, պարոն վարչապետը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գիրկը ինկաւ, որպէսզի պատերազմը կեցնէ։
Փութին Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ որոշ համաձայնութիւններով թուղթ մը ստորագրեց, պատերազմը դադրեցնելու համար: Անոնք կ՛որոշեն, որ ռուսական խաղաղապահ ուժեր պիտի հսկեն սահմաններուն։ Կը սպասէինք, թէ Փաշինեան կը հրաժարի, բայց ան փակած էր թաւշեայ իր գահին, պատերազմին պարտուելու պատասխանատուութիւնը նետելով իր նախնիներուն վրայ, որոնք չէին կրցած փակել Արցախի հարցին թղթածրարը: Ան ամբաստանեց զիրենք իրենց դիրքը չարաշահելու եւ հարստութիւն դիզելու յանցանքով:
Այսօր աշխարհը կրկին բռնկած է պատերազմներով ու անարդարութիւններով։ Մեծերը կը խաղան փոքր ժողովուրդներու ճակատագիրներով։ Իսկ մենք՝ հայերս, դարձեալ հարց կու տանք՝ ի՞նչ կը սպասէ մեզ։
Մեր պապերն ու տատերը կ՛ըսէին․ «Պու տա կեչեր» ( այս ալ կանցնի)։
Այո՛, այս ալ կանցնի։
Վարդանանցի անպարտ հոգիով, պիտի գայ օրը, երբ արեւը կրկին կը ծագի մեր հայրենիքի կանաչ դաշտերուն վրայ եւ մանկապարտէզներու մանուկները բռունցք սեղմած դէպի երկինք պիտի գոչեն․ «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, Հայաստանը ազատող քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»։
Քանի դեռ հայը կայ ու կը շատնայ աշխարհի չորս կողմերը, այո՛, մենք չենք պարտուիր։
ՄԵԾ ՊԱՊՈՒԿ
ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԲԷԼԵԱՆ
