Մենք Հետեւողականօրէն Պիտի Պայքարինք Մեր Հայրենակիցներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Համար․ ԱՀ ԱԺ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ազրպէյճանի հանրապետութեան մէջ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուած «դատավարութիւններ»-ու եւ «դատավճիռներ»-ու վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որպէս արցախահայութեան օրինական ներկայացուցչական մարմին, խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի իշխանութիւններու կազմակերպած շինծու «դատավարութիւնները» Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած հայ ռազմաքաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ։

Այդ գործընթացներուն մէջ ներկայացուած շինծու մեղադրանքներն ու անոնց հիման վրայ ընդունուած դատավճիռները որեւէ կապ չունին արդարադատութեան հետ եւ կը հանդիսանան պետական ահաբեկչութեան ու քաղաքական հաշուեհարդարի բացայայտ դրսեւորում՝ նպատակ ունենալով վարկաբեկել հայութեան երեք տասնամեակէն աւելի տեւած սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած պայքարը, որ իրականացուել է միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս, անոր հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն՝ ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար համապատասխանութեամբ:

ազրպէյճանի մէջ այդ շինծու «դատավարութիւնները» շարունակութիւնն են Արցախի դէմ 2020թ. սանձազերծուած պատերազմական յանցագործութիւններով ուղեկցուող ռազմական յարձակման եւ 2023թ. իրականացուած ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանական գործողութիւններու, որոնք միջազգային իրաւունքը միանշանակօրէն կ՝որակէ որպէս մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններ:

Անընդունելի եւ դատապարտելի է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու շարունակական անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը ոչ միայն հայրենակիցներու նկատմամբ ներկայացուած շինծու մեղադրանքներու եւ կայացուած սարքովի «դատավճիռներ»-ու նկատմամբ, այլեւ քաղաքական կարճատեսութիւնը, քանի որ անով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կը ձեւաւորուին ապագային ներկայացուելիք մեղադրանքներու հիմքեր՝ որպէս ահաբեկչութիւնը խրախուսած պետութիւն։

Անկախ այն բանէն՝ միջազգային հանրութիւնը աշխարհաքաղաքական վայրիվերումներու բովին մէջ կը նկատէ ատիկա, թէ ոչ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երեք տասնամեակէ աւելի եղած է միջազգային յարաբերութիւններու եւ ՄԱԿ-ի ու ԵԱՀԿ-ի օրակարգերու անբաժան մասն ու 15 տարի շարունակ Մինսկի խումբի համանախագահներն ու ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի երեք մշտական անդամ պետութիւններու՝ ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի ղեկավարները հաստատած են, որ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։

Հետեւաբար, այդ հիմնարկներու համապատասխան արձագանգի բացակայութեան պարագային Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պաքուի մէջ ընդունուած «դատավճիռները» հաւասարապէս կը վերաբերին այդ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը յայտարարէ՝

մենք հետեւողականօրէն պիտի պայքարինք մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու մեր ժողովուրդի՝ հայրենի բնակավայրեր վերադառնալու համար եւ համոզուած ենք, որ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթէ եւ իրական յանցագործները պիտի ստանան իրենց արժանի պատիժը։