Անոնք Քաղաքացիական Անձեր Են, Որոնց Դատած Են Ռազմական Դատարանի Մէջ, Որ Մարդու Հիմնարար Իրաւունքներու Լիակատար Խախտում է. Օգամբօ
ազրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարները մեղաւոր ճանչցուած են կեղծ դատավարութեամբ։ Այս մասին X-ի իր էջին մէջ գրած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամբոն:
«Անոնք քաղաքացիական անձեր են, որոնց դատած են ռազմական դատարանի մէջ, որ մարդու հիմնարար իրաւունքներու լիակատար խախտում է։ Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներու դէմ կեղծ դատավարութենէն ետք, որոնք ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանութեան զոհ են, ԵՄ յանձնաժողովը չէր կրնար շարունակել անտեսել ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումները՝ գերարժէքուած քարիւղ ստանալու համար»,- գրած է Օգամբոն:
