Բողոքի Ցոյց Ազգային ժողովին Դիմաց՝ Ի Պաշտպանութիւն Քաղբանտարկեալներուն եւ պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Այսօր, Փետրուար 5-ին, Ազգային ժողովին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն բոլոր քաղբանտարկեալներուն եւ պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներուն։
Ցոյցը կազմակերպուած էր Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Մայքլ Օ’Ֆլահերթիի՝ ՀՀ խորհրդարան այցելութեան առիթով։ Անոր կը մասնակցէին քաղաքացիներ, հոգեւորականներ եւ զանազան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։
«իլհամ ալիեւը, իր եւ իր փոքրիկ գործընկեր նիկոլ փաշինեանի ամենաթողութեամբ, կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ հաստատել հակաժողովրդավարական համակարգ մը։ Մենք այսօր եկած ենք բարձրաձայնելու այն անարդարութիւններուն մասին, որոնք կը տիրեն Հայաստանի մէջ։ Ասոնց մասին լռելը, չխօսիլը հաւասարազօր է յանցագործութեան, իսկ անոնց դէմ քայլ չառնելը նոյնպէս հաւասարազօր է յանցագործութեան»,- ըսաւ ՀՀԿ խորհուրդի անդամ Հայկ Թէրզեան։
ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան կոչ ուղղեց բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն, որոնք աչք կը փակեն ՀՀ-ի մէջ տիրող իրավիճակին վրայ, անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ ազատ արձակելու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ազրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայերը։
«ՀՀ-ի մէջ այլեւս ազատ խօսքը քրեականացուած է։ Այն մարդիկը, որոնք դէմ են այս իշխանութիւններուն, կը յայտնուին անազատութեան մէջ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է այս ամէնուն վերաբերեալ յստակ գնահատական տայ։ Չափազանց կարեւոր է յիշել բոլոր այն մարդկանց, որոնք այժմ ապօրինաբար պահուած են անազատութեան մէջ»,- ըսաւ Գառնիկ Դանիէլեան՝ շեշտելով, թէ այս վիճակը չի կրնար հանդուրժելի ըլլալ։
Անոր խօսքով՝ անհրաժեշտ է չառաջնորդուիլ երկակի չափանիշներով, տալ յստակ գնահատական եւ աչք չփակել Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակին վրայ։
«Չի կարելի մրցանակ շնորհել բռնապետի մը, որ երկար ժամանակ գերութեան մէջ կը պահէ մեր հայրենակիցները»,- ընդգծեց Գառնիկ Դանիէլեան։
Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Փառէն քահանայ Առաքելեան, որ նաեւ կը մասնակցէր բողոքի ցոյցին, իր կարգին նշեց, թէ հոգեւորականները միշտ հանդէս եկած են անարդարութեան եւ անօրինականութեան դէմ։ «Մեր եղբայրներն ու հայրերը կալանքի տակ կը գտնուին ամբողջովին անհիմն կերպով։ Եւ այսօր մեր պարտականութիւնն է այստեղ ըլլալ եւ դիմել այն մարդոց, որոնք պատրաստ են մեզ լսելու»,- ըսաւ ան։
