Ծերակուտական Շիֆ Օզի Հակահայ Քայլերուն Գծով Հետապնդում Պահանջեց

Աշխարհ, Սփիւռք

Քալիֆորնիայէն Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էտըմ Շիֆ, որ իբրեւ ազգայնամոլ քայլ դատապարտած էր «Մետիքեր»ի եւ «Մետիքէյտ»ի սպասարկութիւններու կեդրոններու վարիչ տոքթ. Մեհմետ Օզի կողմէ կատարուած հակահայ յայտարարութիւնները, Երկուշաբթի երեկոյեան պահանջեց կառավարութեան առողջապահական սպասարկութեանց բաժանմունքէն՝ անկախ հետապնդում մը կատարել Օզի պնդումներուն գծով։

Յիշեցնենք, որ առանց փաստեր հրապարակելու, Օզ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններ  ամբաստանած էր Լոս Անճելըսի առողջապահական սպասարկութիւններու ոլորտէն ներս մինչեւ 3․5 միլիառ տոլարի զեղծարարութիւններ իրականացնելու յանցանքով։

Շիֆ, որ աւելի քան 20 տարիներէ է ի վեր Քոնկրեսի մէջ մօտիկ բարեկամ մըն է հայ համայնքին, իր պահանջին մէջ կը շեշտէ, թէ մտահոգութեամբ կը մօտենայ զեղծարարութեան ամբաստանութիւններուն, սակայն միայն մէկ համայնք թիրախ դարձնելու Օզի քայլը խտրական պիտակաւորում կը նկատէ, միաժամանակ շեշտելով, որ նման մօտեցում մը պիտի չնպաստէ զեղծարարութեանց բացայայտումին։

Շիֆ կրկնեց, թէ հիմնաւորուած ամբաստանութիւնները պէտք է իրաւական միջոցներով հետապնդուին եւ ոչ թէ ամբողջ համայնքը թիրախ դարձնելով։