Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փարիզի սրտին մէջ գտնուող «Սամուէլեան» գրատան մամուլի արխիւները, որոնք հայ մշակութային ժառանգութեան կենսական յուշարձաններէն են, արհեստական բանականութեան (ԱԲ) միջոցով կը վերածուին թուային քարտէսի մը:

«Calfa»-ը եւ իր գործընկերները թեւակոխած են նոր փուլ մը` բացայայտելու 20-րդ դարու Փարիզի հայկական խանութները, միութիւնները եւ ընկերային կեանքը:

1930-ին հիմնադրուած եւ ուսումնասիրողներու, լրագրողներու եւ պատմաբաններու համար հանդիպման վայր ծառայած «Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»-ը (Librairie orientale Samuélian) այժմ թուային վերափոխման կիզակէտին կը գտնուի: «Սամուէլեան» գրատան արխիւները թուայնացնելու ծրագիրը, որ սկսած էր 2024-ին, կ՛ընդլայնէ իր ծիրը` թուային քարտէսագրման միջոցով հետապնդելու հայկական հետքերը Փարիզի պատմական խճանկարին մէջ:

Ծրագրին առաջին փուլով պահպանութեան տակ առնուած է 1920-1975 տարիներուն հրատարակուած հայկական թերթերու հսկայական հաւաքածոյ մը` 10.000-էն մինչեւ 15.000 էջերու ծաւալով: Այս արխիւը, որ կը պարունակէ Ֆրանսայի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած առաւել քան 70 թերթեր, իր մէջ կը պահէ հայկական սփիւռքի ընկերային եւ մշակութային յիշողութիւնը:

Այս թերթերը կարդալու ընթացքին «Calfa»-ի խումբը նկատած է միութիւններու, առեւտրական հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու մեծ թիւով հասցէներ: Անոնք որոշած են այս տուեալները վերածել Փարիզի քարտէսի մը, որ ցոյց կու տայ ժամանակի ընթացքին այդ վայրերու փոփոխութիւնը: Ծրագիրին նոր` «Փարիզ» գլուխը կը նպատակադրէ ներկայացնել քաղաքին մէջ հայ համայնքի բնակչութիւնը եւ տնտեսական գործունէութիւնը` 20-րդ դարու սկիզբէն:

Համագործակցութիւն «BnF DataLab»-ի եւ արհեստական բանականութեան հետ ծրագրին ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկը կը վերաբերի արհեստագիտական ոլորտին: Կը մշակուի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) յատուկ նախատիպ մը` արխիւներուն մէջ գտնուող ծանուցումները ուսումնասիրելու եւ պատմական հայկական առեւտրական հաստատութիւնները յայտնաբերելու համար: Այս աշխատանքին ընդառաջ` գործընկերութիւն հաստատուած է Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի նորարարութեան բաժինին` «BnF DataLab»-ի հետ:

Արհեստական բանականութեան նախատիպը մեքենաբար պիտի վերլուծէ թերթերու էջերուն մէջ գտնուող ծանուցումները եւ, այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ քարտէսագրէ 20-րդ դարու «Հայկական Փարիզ»-ը: Այսպիսով, անցեալի դերձակները, տպարանները, դարմանատուները եւ սրճարանները իրենց տեղը պիտի «վերագտնեն» թուային միջավայրի մը մէջ:

Ծրագիրը կը միաւորէ գիտութեան եւ մշակոյթի աշխարհի կարեւոր հաստատութիւններ: «Calfa»-ի գլխաւորած այս ծրագիրին համագործակցողներն են` BnF (Ֆրանսայի Ազգային գրադարան), EPITA (LRE տարրալուծարան, «DECIDON» ծրագիր), Inalco (DALiH ծրագիր), Հայաստանի Ազգային գրադարան:

Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան (Հայկական համայնքներու բաժանմունք) եւ Սամուէլեան ընտանիքի արժէքաւոր աջակցութեամբ:

Շուրջ տասնամեակ մը առաջ, «Սամուէլեան» գրատան փակումէն ետք, հոն գտնուող թերթերու հաւաքածոները սկսան ենթարկուիլ ժամանակի ազդեցութեան, իսկ որոշ փաստաթուղթեր դարձան չափազանց փխրուն` ձեռքով բռնելու համար: Շնորհիւ «Calfa»-ի մշակած «Գիրերու տեսողական ճանաչման» (OCR/HTR) բարձր ճշգրտութեան արhեստագիտութեան` այս փաստաթուղթերը ոչ միայն կը փրկուին անհետացումէ, այլեւ կը վերածուին որոնելի եւ խմբագրելի թուային բնագիրներու, բաց` ակադեմական հետազօտութիւններու:

Ստացուած տուեալները եւ թուայնացուած էջերը հասանելի պիտի դառնան ամբողջ աշխարհին` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գլխաւոր գիտական գրադարանին (FSL) միջոցով: Այսպիսով, 20-րդ դարու հայկական սփիւռքի առօրեան եւ Փարիզի փողոցներուն վրայ անոր ձգած հետքերը պիտի փոխանցուին ապագայ սերունդներուն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել calfa.fr/ կայքը: